Որոնել

Նահատակ միսիոնարներուն ի յիշատակ աղօթքի օրուան որմազդ Նահատակ միսիոնարներուն ի յիշատակ աղօթքի օրուան որմազդ 

Իտալիոյ մէջ նահատակ մարտիրոսներու ի յիշատակ աղօթքի եւ ծոմի օր:

Իտալիոյ զանազան քաղաքներու յիշարժան վայրեր եւ յուշակոթողներ կարմիր գոյնով կը լուսաւորուին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 24 մարտին, Իտալիոյ մէջ կը նշուի մարտիրոս միսիոնարներուն ձօնուած, աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր , կազմակերպութեամբ Քահանայապետական միսիոներական գործերուն, միսիոներական երիտասարդական շարժումին: Այս տարուան ոգեկոչման ձեռնարկին նիւթն է «իմ ժողովուրդիս սիրոյն համար լուռ պիտի չմնամ», կազմակերպուած, յիշատակելու համար Սան Սալվատորի թեմի, Սուրբ Օսքար Արնուլֆօ նահատակութեան 39-րդ տարեդարձը:
Գերապայծառ , Արնուլֆօ եղած է Սան Սալվատորի արքեպիսկոպոս : Ան երանելի հռչակուած է 23 մայիս 2015-ին ապա սրբադասուած, 14 հոկտեմբեր 2018-ին: Նահատակ միսիոնարներու ի յիշատակ աղօթքի եւ ծոմի օրուան առթիւ, 23-էմ 24 լուսցող գիշեր, Իտալիոյ Ալպենկա, Լենիանօ- Փիսթոյա եւ Սանրեմօ քաղաքներուն գլխաւոր յուշարձանները եւ յիշարժան վայրերը պիտի լուսաւորուին կարմիր գոյնով, նախաձեռնութեամբ «տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2019, 12:00