Որոնել

Յիսուս Մարիամ եւ Սուրբ Հայր Յովսէփ Յիսուս Մարիամ եւ Սուրբ Հայր Յովսէփ 

19 Մարտին Տօնն է Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր։

Ս Յովսէփի տօնին օրը Իտալիոյ մէջ կը նշուի նաեւ հայրերու տօնը։

19 Մարտին Լատին Եկեղեցին  կը տօնէ  Ս Յովսէփ Աստուածահօր ծիսական տօնը ։ Նոյն օրը կը նշուի նաեւ վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶ անուանակոչութեան տօնը ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան պաշտօնական մեկնարկը։

Սուրբ Յովսէփ  Դաւթի ցեղէն էր, աւետարանը զայն կը կոչէ  ''Արդար'' մարդ։ Նշանուած էր Մարիամի հետ, Նազարէթի մէջ իր ապրուստը կը շահէր հիւսնութեամբ։ Երբ Յովսէփ  իմացաւ որ Մարիամ յղի էր,  ազնիւ մարդ ըլլալով որոշեց առանց պատճառը հրապարակելու ''լռելեայն արձակել Մարիամը'', սակայն Աստուծոյ հրեշտակը տեսիլքի մէջ երեւցաւ անոր եւ  ըսաւ. ''Յովսէփ Դաւթի որդի, մի վախնար տունդ առնելէ Մարիամը իբր քու կինդ. որովհետեւ անոր մէջ ծնածը  Ս Հոգիէն է. պիտի ծնի որդի մը, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես (որ կը նշանակէ ՓՐԿԻՉ) որովհետեւ ան պիտի փրկէ իր ժողովուրդը  մեղքերէն''։

Ասիկա կը կատարուի համաձայն Աստուծոյ Խօսքին Եսայի մարգարէի բերնով. ''Ահա կոյսը պիտի յղանայ եւ պիտի ծնի որդի մը որուն անունը պիտի դնեն Էմմանուէլ  (որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ)։

Յովսէփ հնազանդեցաւ ու իր մօտ առաւ  Մարիամը, աւելի սերտ սիրով ու յարգանքով կապուեցաւ անոր, տէր կանգնեցաւ Մարիամին  ու նաեւ Յիսուսին։

Յիսուս  բազմիցս կոչուած է  Որդի Աստուծոյ, Որդի Դաւթի ու Որդի Մարդոյ, սակայն նաեւ  կը մնայ Որդի Յովսէփայ, ասիկա Յովսէփին անկապտելի  եւ յաւիտենական փառքն է։

Արդար է  եկեղեցւոյ բարձրագոյն յարգանքը  Յովսէփի նկատմամբ. ան  կը ներկայացուի  աստուածային իր մանուկը  բարձր ու հայրաբար  բռնած աշխատաւորի կարշնեղ -քաջակազմ  բազուկներէն մէկուն մէջ, եւ միւս ձեռքին  մէջ բռնած շուշանածաղիկ  մը, խորհրդանիշ՝ իր անարատութեան եւ հոգեկան մաքրութեան։

Յայսմաւուրքին մէջ, Յովսէփ ներկայացուած է  իբրեւ մարդ մը ''ամբողջովին քաղցրութեամբ լեցուն. հեզ, ողորմած, մարդասէր, վշտակից այլոց եւ օժտուած ամենաբարի բնութեամբ։  Ս Յովսէփի տօնին օրը Իտալիոյ մէջ կը նշուի նաեւ հայրերու տօնը։

2017-ի դեկտեմբեր 18-ին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Յովսէփը նկարագրած էր  որպէս երազներու մարդ, լռութեան մէջ ընկերացող մարդ: Ան ըսած էր որ «Սուրբ Գիրքի մէջ սուրբ Յովսէփը կը ներկայացուի որպէս արդար, օրէնքը յարգող եւ աշխատասէր մարդ, սիրահարուած Մարիամին: Սուրբ Յովսէփ լռութեան մէջ՝ առանց դատապարտելու, առանց շատախօսելու եւ զրպարտելու, ընկերացաւ Աստուածորդւոյն, Զայն պաշտպանեց վտանգներէն, հսկեց անոր վրայ, եւ օգնեց որ մեծնայ, ու այս բոլորը կատարեց լռութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2019, 08:26