Պոլսոյ երջանկայիշատակ Պատրիարք՝ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան Պոլսոյ երջանկայիշատակ Պատրիարք՝ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեան 

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը մարտ 17-ին։

2014-ի նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելութիւն տուած էր հիւանդ Պատրիարքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի՝ 17 մարտ 2019-ին, Իսթանպուլի Գումգափիի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ»։ Լուրը տեղադրուած է Պոլսոյ պատրիարքարանի ֆեյսպուքեան էջին վրայ։

Երջանկայիշատակ պատրիարքի մարմինը ապա, Պոլսոյ  Հայոց պատրիարքներու նման, իր վերջնական հանգիստը պիտի գտնէ Շիշլի թաղամասի հայկական գերեզմանատան մէջ։

Պոլսոյ Հայոց 84-րդ Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Ս. Արք. Մութաֆեանը իր մահկանացուն կնքած էր  անցեալ 8 մարտին, Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ ուր 11 տարիէ ի վեր խնամքի տակ էր անգիտակից վիճակի մէջ։

2014-ի նոյեմբերին Թուրքիա կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, նախ քան Հռոմ վերադառնալը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզած էր ճամբորդութեան օրակարգէն դուրս յատուկ այցելութիւն տալ հիւանդ Պատրիարքին՝ եւ ուղղուած էր Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոց  ուր  անոր հիւանդի անկողինին մօտ յատուկէն աղօթած էր անոր համար։ Մինչ մէկ օր առաջ Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան մը ընթացքին յատուկէն յիշած էր «Մեսրոպ Բ հայ առաքելական Պատրիարքը՝ որուն կ՛ապահովեցնեմ իմ  աղօթքներս» ըսած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2019, 10:13