Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը 

Պոլսոյ մէջ վերջին հրաժեշտը տուին Հայոց Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցեցան բազմաթիւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ քաղաքական գործիչներ

Մարտ 15-ին Կ. Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասի  Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտը տուած են Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, Պոլսոյ պատրիարքի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն մասնակցած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեան եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան: Արարողութեան ընթացքին Խաժակ արքեպիսկոպոսն ընթերցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վշտակցութեան խօսքը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն հրաժեշտի արարողութեան մասնակցած են Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմեզեան եւ  Անթիլիասի Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան:

Արարողութեան մասնակցած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան,  Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Բինալի Եըլտըրըմ, Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Կալին, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյը,Սթամպուլի քաղաքապետը եւ այլք:

Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան պատարագիչը եղած է Գերաշնորհ Տ. Արշակ Եպս. Խաչատրեանը:

Հրաժեշտի արարողութենէն ետք Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մութաֆեանի աճիւնն ամփոփուած է Պոլսոյ Շիշլի շրջանի հայկական գերեզմանատան մէջ:

Յայտնենք թէ  Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն հետ կապուած աշխատանքները պիտի մեկնարկեն Սուրբ Զատիկէն ետք:

Նշենք նաեւ թէ Կիրակի, 17 մարտ 2019-ին, յետ Ս. եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքին` երջանկայիշատակ  Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին հոգւոյն համար։

Արամ Ա վեհափառ հայրապետին ցաւակցագիրը։

«Խոր ցաւով իմացանք մահը Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին: Յարաբերաբար երիտասարդ տարիքին, երբ տակաւին շա՜տ տալիք ունէր հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան, Մեսրոպ պատրիարք կը հեռանայ այս երկրաւոր կեանքէն` միանալու այն մեծ հոգեւորականներուն, որոնք Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ամէնէն դժուար օրերուն ու դառն պայմաններուն մէջ ծառայեցին մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին` բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով, իմաստութեամբ ու հաւատքի քաջութեամբ: Այսպէ՛ս եղաւ նաեւ երջանկայիշատակ Մեսրոպ պատրիարքը: Խոր հաւատքով, ամբողջական նուիրումով ու անվեհեր կամքով ան ծառայեց Թուրքիոյ մեր ժողովուրդին:

Մեսրոպ պատրիարքը ճանչցանք 1991-ին, երբ իբրեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ միօրեայ այցելութիւն տուած էինք Տիեզերական պատրիարքութեան: Յաջորդող տարիներուն, մեր անձնական կապը վերածուեցաւ եղբայրական յարաբերութեան ու ապա` սերտ գործակցութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան միջեւ:

Մեսրոպ պատրիարք ամէն բանէ առաջ հոգեւորական էր` բառին հարազատ ու ամբողջական իմաստով. հոգեւոր արժէքներով լիցքաւորուած եւ` մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ այդ արժէքներու կենսագործման նուիրուած տիպար հոգեւորական մը: Այդպէս եղաւ ու մնաց ան իր հոգեւոր սպասաւորութեան բոլո՛ր տարիներուն ու բոլո՛ր հանգամանքներուն մէջ: Հոգելոյս պատրիարքը ո՛չ միայն ծանօթ էր Աստուածաշունչին, մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր գրականութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ աշխարհի անցեալի պատմութեան ու ներկայի մարտահրաւէրներուն, այլ նաեւ կը փորձէր զանոնք իր ծառայական կեանքին ճամբով բաժնել իր հօտին հետ:

Մեսրոպ պատրիարք մտաւորական անձ մըն էր, ո՛չ միայն իր ստացած համալսարանական բարձր ուսումով, այլ նաեւ միշտ մնալով շրջապատուած գիրքերով, նոր հրատարակութիւններու նախաձեռնելով եւ ինքզինք բանալով հոգեմտաւոր լայն հորիզոններու:

Հայ եկեղեցւոյ ամբողջականութեան ու ներքին միութեան ամրապնդման յանձնառու հոգեւորական էր Մեսրոպ պատրիարքը: Նուիրապետական աթոռներու միջեւ սերտ գործակցութեան ջերմ ջատագով էր. միաժամանակ, խորապէս նախանձախնդիր` Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան ներքին իւրայատուկ դրուածքին եւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ անոր ինքնուրոյն դերակատարութեան ամուր պահպանման:

Մեսրոպ պատրիարք ամրօրէն կառչած էր իր հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտի առողջ ու անվտանգ պահպանման, ամէ՛ն իմաստով: Միաժամանակ, գիտէր հաւասարակշռուած ու ճկուն մօտեցումներ որդեգրել իր շրջապատին նկատմամբ` միշտ մնալով հաւատարմօրէն կապուած իր ժողովուրդի իրաւունքներուն ու պատրիարքութեան անկախութեան անվթար պահպանման:

Անկախ իր հանգամանքէն, հոգելոյս Մեսրոպ պատրիարք իբրեւ անձ ու իբրեւ հոգեւոր մշակ` եղաւ սիրելի ու յարգելի բոլորին կողմէ:

Նման արժանիքներով հարուստ հոգեւոր առաջնորդի մը վաղաժամ մեկնումը այս աշխարհէն խոր ցաւ մըն է մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ մեծ կորուստ մը` Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան համար, որուն արժանաւոր գահակալը եղաւ:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, մեր միաբանութեան, թեմակալ առաջնորդներուն եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան, մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք երջանկայիշատակ պատրիարքի տիրամօր, պատրիարքական փոխանորդին, միաբանութեան, հոգեւոր դասուն եւ Թուրքիոյ մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն: Թող Աստուած Իր երկնային օթեւաններուն մէջ հանգչեցնէ մեր սիրելի պատրիարքի հոգին:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»:

Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

15 մարտ 2019
Անթիլիաս, Լիբանան

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2019, 08:37