Սուրբ Խաչ Սուրբ Խաչ 

Զմմառու վանքին մէջ մահացած է քոյր Լորենցիան

12 Մարտ 2019-ին Զմմառու վանքին մէջ մահացած է Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութենէն քոյր՝ Արաքսի Արմէնակ Գապաղեանը:

12 Մարտ 2019-ին Զմմառու վանքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց  Անարատ Յղութեան Հայր Քոյրերու Միաբանութենէն քոյր՝ Արաքսի Արմէնակ Գապաղեանը:

Ան ծնած էր 1923֊ին Մուսա Լեռ եւ կրօնական կեանքին նուրիուած՝  1944 թուականին (Լորենցիա անունով):

Երկար տարիներ իր ծառայութիւնը մատուցած է Այնճարի հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանին ապա Ա.Մ.Ն. Պոսթըն նահանգի հայ քոյրերու վարժարանէն ներս։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը կատարուի վաղը` Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2019֊ին, կեսօրէ ետք ժամը 4֊ին` Զմմառու Վանքին մէջ։

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2019, 10:53