Զմմառու վանքին մէջ մահացած է քոյր Լորենցիան
12 Մարտ 2019-ին Զմմառու վանքին մէջ մահացած է Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութենէն քոյր՝ Արաքսի Արմէնակ Գապաղեանը:
12 Մարտ 2019-ին Զմմառու վանքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց Անարատ Յղութեան Հայր Քոյրերու Միաբանութենէն քոյր՝ Արաքսի Արմէնակ Գապաղեանը:
Ան ծնած էր 1923֊ին Մուսա Լեռ եւ կրօնական կեանքին նուրիուած՝ 1944 թուականին (Լորենցիա անունով):
Երկար տարիներ իր ծառայութիւնը մատուցած է Այնճարի հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանին ապա Ա.Մ.Ն. Պոսթըն նահանգի հայ քոյրերու վարժարանէն ներս։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը կատարուի վաղը` Չորեքշաբթի, 13 Մարտ 2019֊ին, կեսօրէ ետք ժամը 4֊ին` Զմմառու Վանքին մէջ։
Քաղուած «Արեւելք»էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
13/03/2019, 10:53