Որոնել

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին 

Կը վերանորոգուի Տիգրանակերտի պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին

Շրջապատի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը այժմ ձեռնարկած է եկեղեցին վերաշինելու աշխատանքին:

Տիգրանակերտի պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ծանրօրէն վնասուած էր իր գտնուած Սուր թաղամասի մէջ տեղի ունեցած բախումներու պատճառով: Անցեալին, երբ կառավարութիւնը չեղեալ համարեց քիւրտ զինեալներու հետ տարած հաշտեցման գործընթացը, բախումներ տեղի ունեցան քաղաքի այդ պատմական թաղամասին մէջ: Բախումներու ընթացքին պետութեան զինեալ ուժերը արգիլեալ տարածք հռչակեցին եկեղեցւոյ գտնուած թաղամասը: Ապա իրենք դիրքաւորուեցան եկեղեցւոյ մէջ: Այդ օրերուն մամուլի էջերուն յայտնուեցան սրբապղծութեան զանազան երեւոյթներ:
Շրջապատի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը այժմ ձեռնարկած է եկեղեցին վերաշինելու աշխատանքին: Այդ օրերուն վնասուած էր նաեւ քաղդէացիներու Մար Փեթիուն եկեղեցին եւս: Կատարուած յայտարարութենէն կ՛իմանանք, որ վերաշինութեան աշխատութիւնները պիտի սկսին այս ամիս:
Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոսը կը համարուի Միջին Արեւելքի մեծագոյն եկեղեցին: Ան պաշտամունքէ դադրած էր 1960-ին եւ մինչեւ մօտ անցեալ կը պարզէր բաւականին տխուր պատկեր մը: Ապա եկեղեցին, հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ, վերանորոգուած եւ գործել սկսած էր 2011 թուականին:
2015-ի նոյեմբերին, շրջանի բազմաթիւ սրբատեղիներու կարգին, վնասուած էր նաեւ Սուրբ Կիրակոսը:
Նշենք, որ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւններ կը վարէր եկեղեցին վերանորոգելու համար: Վերջերս թաղականութեան եւ նախարարութեան միջեւ ստորագրուեցաւ համաձայնութիւն մը, որմէ ետք սկսաւ վերանորոգման գործընթացը:
Այս մասին թաղական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըք բացատրութիւններ տուաւ «Ակօս»-ին եւ ըսաւ, որ սկիզբը նախարարութիւնը համամիտ չէ գտնուած վերանորոգութեան ծախսերը ստանձնելու: «Բացատրեցինք, որ եկեղեցւոյ այս պայմաններով ներկայանալուն մէջ հայ ժողովուրդը որեւէ պատասխանատուութիւն չունի, ուրեմն արդար չէ, որ ուրիշներուն գործած աւերը ինք հատուցէ: Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք նախարարութիւնը ստանձնեց ծախսերը հոգալ, եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսին վերաշինութեան աշխատանքները»: Էրկիւն Այըք յաւելեց նաեւ, որ կը շարունակուի եկեղեցւոյ գտնուած տարածքին արգիլեալ գօտի ըլլալու երեւոյթը: «Մենք ալ հազիւ յատուկ թոյլտուութեամբ կրնանք մտնել եկեղեցի», ըսաւ Էրկիւն Այըք:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2019, 08:32