Անթիլասի մայրավանքը Անթիլասի մայրավանքը 

Բուն Բարեկենդանի տօնի առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարանին աշակերտները:

կիրակի, 3 մարտ 2019-ին, յաւարտ Բուն Բարեկենդանի Ս. եւ Անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները :

Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, Մեծ պահոց քառասնօրեակին կանխող կիրակին Բուն Բարեկենդանի կիրակին է, որ կրօնականին կողքին յատկանշական է իր ազգային աւանդութիւններով: Այս ծիրին մէջ, Անթիլիասի մայրավանքի Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները` ծպտուած տարբեր կերպարներով, այցելութիւն կու տան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ու տօնը կը նշեն քրիստոնէական ու մշակութային ոլորտին մէջ:

Այս տարի եւս, կիրակի, 3 մարտ 2019-ին, յաւարտ Բուն Բարեկենդանի Ս. եւ Անմահ պատարագին, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները ու վայելեց անոնց պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը: Վեհափառը` փոքրիկներով շրջապատուած, իր բարձր գնահատանքը յայտնեց քրիստոնէական դաստիարակութեան առաքելութեան նուիրուած կամաւոր ուսուցիչներուն, որոնք դարուս մարտահրաւէրները կը դիմադրեն իրենց հաւատքով, ինչպէս նաեւ կը քալեն Քրիստոսի գծած ճամբով` քրիստոնէութիւնը տարածելով ժողովուրդին զաւակներուն մէջ: Հայրապետը իր գնահատական խօսքը ուղղեց նաեւ ծնողներուն, որոնք չեն զլանար իրենց ընտանեկան բոյնին կիզակէտը դարձնել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը:
 

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2019, 09:01