Կարդինալ Ֆիլիփ Պարպարին Կարդինալ Ֆիլիփ Պարպարին 

Կարդինալ Պարպարէն դատապարտուեցաւ 6 ամսուայ բանտարկութեան ժամկէտի՝ յետաձգումով։

Ծիրանաւորը մեղադրուած է անչափահաներու դէմ գործադրուած սեռային չարաշահումի արարքները թաքցնելու յանցանքով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 մարտ 2019-ին, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի քրէական դատարանը, Լիոնի թեմի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Պարպարէնի դէմ յարուցուած դատական գործընթացի ծիրէն ներս, վճիռով մը  դատապարտած է կղերականը, վեց ամիս բանտարկութեան՝ ժամկէտի յետաձգումով:

Կարդինալ Պարպարին մեղադրուած է կարգ մը անչափահասներուն դէմ գործուած սեռային ոտնձգութեան արարքները թաքցնելու յանցանքով:

Կղերականին փաստաբանները մերժելով Լիոն քաղաքին քրէական դատարանի վճիռը, յայտարարած են,  թէ այդ հարցին համար պիտի դիմեն դատական երկրորդ ատեան:

Յայտնենք, թէ Լիոնի արքեպիսկոպոսն ու այլ հինգ անձեր մեղադրուած են, 1970-1980 թուականներուն, այն ժամանակուայ սկաուտներուն հոգեւոր վարիչ՝ հայր Պերնարտ Փրայնային աւելի քան 70 պատանիներուն դէմ գործած սեռային ոտնձգութիւնները թաքցնելու յանցանքով:

Ծիրանաւորը ինքզինք անմեղ նկատելով յայտարարած է, թէ ինք այդ չարաշահումի արարքներուն մասին իմացած է լոկ 2014 թուականին, հաւատաեցալի մը տուած վկայութեան շնորհիւ:

Կարդինալ Պարպարէն յայտնած է նաեւ թէ մօտ օրէն՝ երբ պիտի հանդիպի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, անոր պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2019, 12:19