Որոնել

Խաղաղութեան լապտերի յանձմանարարողութիւնը Խաղաղութեան լապտերի յանձմանարարողութիւնը 

Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Բ-ին կը շնորհուի Ս. Ֆրանչիսկոսի Խաղաղութեան լապտերը։

Լապտերը Թագաւորին կը յանձնէ Սուրբ Վանքին պահակ Հայր Մաուրօ Կամպեթթի։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 29 Մարտ 2019-ին առաւօտեան 11.30-ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզիի սրբավայրին մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան  մը ընթացքին Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլահ Բ-ին  շնորհուեցաւ Ս. Ֆրանչիսկոսի Խաղաղութեան լապտերը։

Ունկնդրէ լուրը

Յորդանանի Թագաւորը ու անոր կողակից Ռանիա Թագուհին ժամանած են Ասսիզի որպէսզի Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի միաբանակից եղբայրներէն որպէս պարգեւ ընդունին՝ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի Խաղաղութեան լապտերը, ի նշան  գնահատանքի եւ  երախտագիտութեան արտայայտութիւն, Ապտալլահ Թագաւորին, որ «Միջին Արեւելքի ու համայն աշխարհի մէջ, յատկանշեց ինքզինք ու Յորդանանի Հաշեմիթ Թագաւորութիւնը, իր գործունէութեան ու յանձնառումին միջոցաւ, ի նպաստ, մարդու իրաւունքներու խթանումին, տարբեր կրօններու պատկան հաւատացեալներու միջեւ ներդաշնակութեան, դաստիարակչական համակարգի ու կրօնի ազատութեան ծիրէն ներս բարեփոխումներու  ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր անհատներու  ու գաղթականներու հիւրընկալութիւն եւ անվտանգութեան ապահովումի ուղիով։

Լապտերը Թագաւորին   յանձնեց Սուրբ Վանքին պահակ՝ Հայր Մաուրօ Կամպեթթի։ Արարողութեան  ներկայ  գտնուեցան նաեւ՝ Կարդինալ Ակոսթինօ Վալլինին, Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզիի պազիլիքային Քահանայապետական ներկայացուցիչը,  Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտր՝ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը, Կարդինալ Կուալթիերօ Պասսեթթի՝ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը, Իտալիոյ Վարչապետ՝ Ճուզեփփէ Քոնդէ եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ՝ Անկելա Մերքելը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2019, 09:30