Որոնել

Անի քաղաքը Անի քաղաքը 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Անհաւատին Վարքը:

Հաւաքական անհաւատութիւնը անհատական անհաւատութենէն սկիզբ կ՛առնէ: Պատմութեան ընթացքին անհաւատ վարչակարգեր, որոնք ժողովուրդներու պարտադրուած են իբրեւ կեանքի ձեւ, միշտ սկիզբ առած են անհաւատ մարդու գաղափարախօսութենէն կամ կազմաւորած մտածողութենէն: Նոյն երկրի բոլոր մարդիկ թերեւս կրնան համամիտ եղած չըլլալ անհաւատ ղեկավարին գաղափարախօսութեան, սակայն սոյն գաղափարախօսութիւնը երբ պետական վարչակարգի կը վերածուի, արդէն պարտադիր կը դառնայ բոլորին, պատժելով անոնք, որոնք կը հակառակին երկրի սահմանադրութեամբ որոշուած կարգերուն:
Սովետական անհաւատ վարչակարգը ամբողջ եօթանասուն տարիներ երկաթէ վարագոյր քաշեց իր գաղափարախօսութեան ենթակայ երկիրներուն շուրջ, որոնց մէջ նաեւ մեր հայրենիքը, անջատելով զանոնք աշխարհի միւս երկիրներէն կարելի բոլոր միջոցներով՝ եկեղեցիով, մշակոյթով, ուղղագրութեամբ, կենցաղավարական կանոններով, ընկերային ըմբռնումներով եւ այլ միջոցներով:
Անհաւատութիւնը եթէ մարդկային կեանքին պարտադրուած գաղափար մըն է, հաւատքը սակայն երբեք չի՛ կրնար պարտադրուիլ: Անիկա բնական զգացում մըն է, ծնունդով տրուած մարդուն, որովհետեւ հազիւ գիտակցութեան եկած մանուկը աստղազարդ երկինքը դիտելով հարցումներ կը սկսի հարցնել, տեսածներուն պատճառները փնտռելով, մինչեւ որ արդէն զգայ գերմարդկային Ուժի մը պարտադիր գոյութիւնը, որուն կը ծանօթանայ կրօնին օժանդակութեամբ, ի վերջոյ Աստուած կոչելով զԱյն:
Անհատական մակարդակի վրայ անհաւատութիւնը թէպէտ անձնական խնդիր է, այսինքն համոզումի հարց է, սակայն անուղղակի ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ շրջապատին վրայ: Հաւատքի նկատմամբ տեւական արհամարհանքը, հաւատացեալի բարեպաշտութեան հանդէպ ծաղրական կեցուածքն ու ձաղկումի ընթացքը տագնապ կը յառաջացնեն ընկերութեան խաղաղ կեանքին մէջ, բեւեռացումներու տանելով կողմերը:
Մարդկային հոգիին ազատութիւնը, մտքին թռիչքն ու տրամաբանութեան կշիռքը միշտ պէտք է յարգուին նմաններուն կողմէ: Եթէ Աստուած մարդը ազատ կամքով ստեղծեր է, մենք ո՞վ ենք որ յանդգնութիւնը ունենանք մեր կամքը պարտադրել անոր, այն ալ հաւատքի նուրբ հարցին մէջ: Իւրաքանչիւրին համոզումն ու ներքին ձայնը՝ խիղճը, ազատութիւնն ունին իրենց տեսակէտները յայտնելու եւ ըստ այնմ ուղեկցելու մարդ անհատին: Իւրաքանչիւր մարդ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ճանապարհորդակից ունի իր խիղճը եւ իր տրամաբանութիւնը, որոնք ժամանակ առ ժամանակ յիշեցումներ կը կատարեն իրեն:
Ամէն մարդ թերութիւններ ունի: Անթերի մարդ չկայ աշխարհի մէջ: Մարդը ընդհանրապէս կը բնորոշուի իր անկատարութեամբ:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ մարդուն կը տրուի կատարելութեան ձգտումը ունենալու պատուէրը (Հմմտ Մտ 5.48): Հօր Աստուծոյ նման կատարեալ ըլլալ կը թելադրէ Յիսուս: Սակայն յստակ է որ այդ ուղղութեամբ ձգտիլ կը պատուիրէ, իր կանխագիտութեամբ իմանալով, որ մարդը կատարեալ չի կրնար ըլլալ ամբողջութեամբ:
Անհաւատ մարդը գլխաւոր երկու թերութիւններ ունի: Մէկը բնականաբար իր անհաւատ ըլլալն է, իսկ երկրորդը՝ ուրիշներն ալ իրեն նման անհաւատ համարելը: Այս երկրորդն է որ աւելի կը զօրացնէ զինք իր անհաւատութեան մէջ:
Աստուծոյ վախին բացակայութիւնը մարդու հոգիին մէջ, աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր ու վայրի գազանը կրնայ ծնիլ: Ամէն մարդու մէջ կայ այդ գազանատիպ էակը, սակայն իր չափերուն մէջ զսպուած: Միայն Աստուծոյ վախն է որ կրնայ զսպանակել մարդկային գազանաբարոյ արարքները, եւ կրնայ մարդուն հոգւոյն մէջ աճեցնել անանձնական սէր ու գութ նմանին հանդէպ:
Ամբողջ աշխարհը անհաւատ տեսնելու վտանգը միշտ կայ անհաւատ մարդուն մտքին մէջ, երբեմն անգիտակցաբար: Անոր մշակած ծրագիրները, առած որոշումները, կատարած նկատողութիւնները եւ նետած քայլերը բոլորն ալ անհաւատ միջավայրի ընդլայնումով աւելի կ՛ամրապնդուին: Նման քայլերով յառաջդիմեցին անկրօնութեան բոլոր քարոզիչները պատմութեան ընթացքին, ծածկելու համար իրենց անհակակշռելի շարժումները եւ վարագուրելու համար իրենց դատապարտելի կեցուածքները մարդկութեան նկատմամբ: Հաւասարութեան եւ եղբայրութեան անունին տակ պահուըտած, անարդար ու սխալ ներկայացուցին Աստուծոյ հայրութեան գաղափարը եւ զԱստուած համարեցին վերացական ու անիրական էակ:
Աստուծոյ տեղը, Անոր շօշափելի աթոռը կը գտնուի մարդու սրտին մէջ: Անհաւատ մարդու կրօնը իր սեփական շահն է: Զինք չեն հետաքրքրեր մահէն ետք բացուող կեանքի մասին տրուած բացատրութիւնները, ո՛չ ալ անդենականի տանջանքներուն մասին խօսուած խօսքերը:
Անհաւատը երբ կը բաւականանայ միայն այս կեանքով, կը նշանակէ թէ իր պարզամիտ ու կոյր համարած հաւատացեալ մարդէն աւելի խեղճ է, աւելի անբան, քան բոյսը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2019, 11:29