Վանի հայկական եկեղեցին Վանի հայկական եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Աչքը կը վախնա՞յ…

Բնականաբար այդ աչքին տէրը եղող մա՛րդն է որ կը վախնայ: Սակայն ժողովրդային ասոյթը աչքին կը վերագրէ այն վախը, զոր ան կը զգայ ի տես վտանգաւոր կամ գէթ վախազդու երեւոյթներու:
Վախի զգացումը եւ մանաւանդ անոր թողած ազդեցութիւնը մարդ էակի ներաշխարհին վրայ, ունի իր բացասական հետեւանքները: Ոմանք մանկական տարիքին կրած վախի մը հետեւանքով մինչեւ իրենց կեանքին վախճանը հալածող ուրուական մը կ՛ունենան իրենց կռնակին, որ կը հետապնդէ զիրենք ուր որ երթան կամ ինչ գործի որ ձեռնարկեն:
Վերոյիշեալ անձնաւորութիւններու մէջ կան նաեւ շատ խելացի եւ ապագայատեսիլ մարդիկ, որոնք նախապէս իրենց կատարած ծրագրաւոր աշխատանքով մեծ քայլերու կը դիմեն: Սակայն վախը, մտահոգութիւնը, անորոշին պատճառած հոգեկան տագնապը թոյլ չի՛ տար որ անոնք առնեն այդ կարեւոր քայլը յառաջդիմութեան, իր սաղմին մէջ խեղդելով ապագայ «հանճարեղ ծնունդը»:

Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ նման միտք կը գտնենք, անշուշտ հոգեւոր իր իմաստով, երբ հաւատքի եկած մարդը չի՛ կրնար արտայայտել իր ունեցած հաւատքը: Սերմնացանի առակին մէջ կը պատմէ Ան, թէ հաւատքը կը նմանի ցորենին, զոր սերմնացանը կը ցանէ իր արտին մէջ: Անոնցմէ ոմանք կ՛իյնան ժայռերուն վրայ, ուրիշներ ճամբու եզրին, ոմանք պարարտ հողի մէջ, իսկ ոմանք ալ սատանան գալով կը գողնայ անոնց սրտին մէջէն: Այս վերջինը մեր նիւթին կը վերաբերի: որովհետեւ կասկածամիտ կամ թերահաւատ մարդուն սրտէն կը գողնայ սատանան անոր հաւատքը՝ ցորենը:
Թերահաւատութիւնը ինքնին մեղք է, որովհետեւ կամ պէտք է հաւատաս կամ՝ ո՛չ: Միջանկեալ հաւատքը կարելի չէ վաւերական հաւատք անուանել, որովհետեւ գործի չի՛ ծառայեր: Այդպիսի հաւատք ունեցող հաւատացեալ մը կը նմանի իր ուզած ատեն զԱստուած ճանչցող եւ այլ պահու Անոր գոյութիւնը մերժող անձնաւորութեան: Ինչո՞ւ քրիստոնէական մեր կրօնը կը քարոզէ ամուր հիմերու վրայ դնել մեր հաւատքը, եթէ ոչ աներկմիտ, անկասկած, անյողդյողդ, հաստատուն դարձնելու համար զայն:

Դարձեալ պատկերաւոր բառերով եւ առակախօս բացատրութիւններով Յիսուս կը ներկայացնէ զօրաւոր եւ տկար հաւատք ունեցող մարդիկը, ժայռի եւ աւազի վրայ տուն կառուցողներու հակասական պատկերներով: Ան որ զօրաւոր հաւատք ունի կը նմանի այն մարդուն, որ իր տունը կը շինէ ժայռի վրայ: Անձրեւ կը տեղայ, հովը կը փչէ, սակայն տունը ամուր կանգնած կը մնայ իր տեղը: Սակայն տկար հաւատք ունեցող կամ թերահաւատ մարդը կը նմանի անոր, որ իր տունը կը կառուցէ աւազի վրայ: Անձրեւ կը տեղայ, հովը կը փչէ եւ կը կործանէ այդ տունը: Թերահաւատ մարդը ամէն վայրկեան նոյն աստիճանաչափով հաւատքի տէր չէ: Ան միայն իր հաշուոյն եկած ժամանակ կ՛արտայայտէ իր հաւատքը, եթէ պէտք ըլլայ իր խոր հաւատքը, սակայն երբ ի շահ կամ ի նպաստ իրեն չէ՛ կացութիւնը, կը կասկածի Աստուծոյ գոյութեան, հայրութեան, գութին ու սիրոյն, հասնելով մինչեւ անհաւատութեան, մերժումի եւ ժխտումի դռները:
Վախի զգացումը իր երեւակայական ձեւին մէջ եւս արտայայտութիւն կը գտնէ, երբ ոմանք իրենց կեանքի ամէն քայլափոխին սանձուած կը մնան նախապաշարումներէ: Օրինակ գիշերուան այսինչ ժամէն ետք ծամօնի օգտագործումը տխուր հետեւանքներ կրնայ ունենալ, կամ մկրատի շեղփերուն արագ-արագ բացուիլ-գոցուիլը, հողաթափի զոյգերէն մէկուն կռնակին վրայ դարձած ըլլալը եւ այլն:
Կան նաեւ այլ խումբի մարդիկ, որոնք այնքան հաւատք կ՛ընծայեն երազներու, որ այլեւս կ՛իյնան անոնց խորխորատը։
Վերոյիշեալ բոլոր տեսակի վախերէն ու նախապաշարումներէն տարբեր է անշուշտ իրապաշտ կամ իսկական վախը, զոր մարդիկ կ՛ունենան մասնաւոր դէպքերու ականատես կամ նոյնիսկ մասնակից դառնալով: Ասիկա իրական վախն է, որ դէպքի, արկածի կամ վտանգաւոր անձի մեր վրայ գործած ազդեցութեան հետեւանքով ի յայտ կու գայ:

Հաւատա՞լ թէ ոչ: Ահա թէ ինչու կը շեշտենք անձնական փորձառութեան կարեւորութիւնը վախի խնդրին մէջ ընդհանրապէս: Այդ մարդը իր զգացած վախը նոյնիսկ նկարագրելու դժուարութիւն կ՛ունենայ: Բառերը, նախադասութիւնները, լսած ձայներն ու փչած քամիի ուժգնութիւնը, ան չի՛ յաջողիր հարազատութեամբ ներկայացնել, պարզապէս ունեցած վախին պատճառով: Կարելի չէ՛ աչքը վախցած մարդը մեղադրել, որովհետեւ աչքը իր տեսածէ՛ն կը վախնայ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2019, 08:00