Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը ապահովելու:

Խորհուրդը ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ողջունեց կառավարութեան աշխատանքային եղանակը` կոչ ուղղելով, որ անոր անդամները յաւելեալ համերաշխութեամբ գործեն` վերջ տալով կողմնակի բանավէճերուն:
Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ լուծէ լիբանանցիներուն առօրեայ հարցերն ու մարտահրաւէրները` ամրապնդելու համար երկրին տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը, անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին, անհրաժեշտ նկատեց սուրիացի տեղահանուածներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիայէն Լիբանան հասած պաղեստինցի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորելը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը, անդրադառնալով վերջերս արծարծուող քաղաքացիական ամուսնութեան հարցին, անհրաժեշտ նկատեց այդ մասին լուսաբանել լիբանանցիները` թէ՛ այդ մասին եւ թէ՛ Ս. պսակի խորհուրդին մասին` ե՛ւ իսլամ, ե՛ւ քրիստոնեայ համայնքներուն մօտ:
Խորհուրդը ընդգծեց այս իմաստով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2019, 08:46