Որոնել

Հալէպ քաղաքէն առնուած լուսանկար Հալէպ քաղաքէն առնուած լուսանկար 

Հալէպի քառասնորդացը. թիթեղ մը ձէթ Հալէպի աղքատ ընտանիքներուն:

Հալէպի մէջ թիթեղ մը ձէթ կ՝արժէ աշխատաւարձի մէկ ամսական:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հալէպի մէջ լատինաց հասարակութեան հոգեւոր հովիւ, Հայր Իպրահիմ Ալսապաղ, քառասնոդաց պահեցողութեան շրջանին առիթով, Հալէպի աղքատ ընտանքիներուն նուիրած է թիթեղ մը ձէթ, մինչ՝ երկիրը կը թեւակոխէ պատերազմի 9-րդ տարին:
«Եթէ վերապրեցանք ռմբակոծումին, պատերազմի արհաւիրքէն , պիտի կարենանք վերապրիլ նաեւ սովին, տնտեսական տագնապի հրթիռակոծումներէն, որուն ներքեւ կ՝ապրինք» Այսպէս արտայայտուած է Հալէպի մէջ լատինաց համայնքի հոգեւոր հովիւը, Վատիկան Նիւզ-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, հաստատելով « Տէրը մեր կողքին է» :
Հայր Ալսապաղ անդրադառնալով քառասնորդաց շրջանին Հալէպի աղքատ ընտանիքներուն թիթեղ մը ձէթ բարեգործական ձեռնարկին, ակնարկած է Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ կացութեան նշելով թէ երկրին մէջ շուկայական եւ առեւտրական վիճակը , գրեթէ սառած է եւ ժողովուրդը մատնուած է խիստ անօթութեան: Ան ապա թուելով, Սուրիոյ մէջ պատերազմի տարիներուն, Լատինաց եկեղեցւոյ տառապող ժողովուրդի ընձեռած օժանդակութիւններուն, նշած է որ ժամանակին Սուրիոյ մէջ ընտանիքի մը համար, որակաւոր թիթեղ մը ձէթը, նուազագոյն բան մըն էր, մինչ՝ այսօր անիկա երազ դարձած է, որուն գինը համազօր է աշխատաւորի մը աշխատավարձին մէկ ամսականին, այսինքն 50 եւրօ:

Ունկնդրէ լուրը

Հոգեւոր հովիւը, դիտել տալով որ Սուրիան հարուստ է ձիթապտուղի ծառերով, անհրաժեշտ նկատած է քաջալերել հողամշակները , մշակելու եւ արտադրելու որակաւոր ձէթ, յագեցնելու համար ժողովուրդին կարիքները:
Լատինաց հասարակութեան ժողովրդապետը ապա ընդգծած է որ Լատինաց եկեղեցին, ոչ միայն կը հոգայ քրիստոնեաներուն կարիքներուն, այլեւ մահմետական եղբայրներուն, օգնութեան հասնելով բոլորին անխտիր:
«Չկայ Աստուծոյ կողմէ օրհնուած քառասնորդաց մը» եթէ անոր մէջ առկայ չէ նշոյլ մը եղբայրսիրական արարք՝ մերձաւորին նկատմամբ, ինչ որ ըլլայ մերձաւորը՝ քրիստոնեայ կամ ոչ:»
«Կը շարունակենք առօրեայ կեանքին մէջ յանձնառու մնալ, լուալով վերջիններուն, աղքատներուն ոտքերը եւ շարունակելով եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, վկայելով Յիսուս Քրիստոսի եղբայրսիրութիւնը» Ըսած է Ալսապաղ:

Յայտենք թէ ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակի հրապարակած զեկոյցին մէջ նշուած է որ Սուրիոյ մէջ 8 տարիներէ ի վեր պատերազմի հետեւանքով, 4 միլիոն մանուկներ, այլ բան չեն գիտեր եթէ ոչ միայն պատերազմ:
Իւրաքանչիւր 2 մանուկի վրայ, մէկ մանուկ կարիքը ունի առողջապահական խնամակալութեան, եւ երեք մանուկներու վրայ մէկ մանուկ զերծ է դպրոցական դաստիարակութենէն: Սուրիոյ մէջ ներգաղթեալներուն թիւը հասած է 2,5 միլիոնի:
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2019, 10:51