Որոնել

Վարդանանցի տօնահանդէս Վարդանանցի տօնահանդէս 

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն. տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց

Տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը:

Չորեքշաբթի, 27 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, ինչպէս նաեւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց` պատգամախօսութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ մասնակցութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երիտասարդական» նուագախումբին` «Տը եութ պենտ»-ին` ղեկավարութեամբ Վիգէն Չալեանի:
Այս առիթով ներկայ էին սրբազան, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, ինչպէս նաեւ արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Անարատ յղութեան հայ քոյրերը, թաղապետներ, վարժարաններու տնօրէններ, հայ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ գործող նշանաւոր դէմքեր, դիւանագէտներ եւ անձնաւորութիւններ, հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Տօնահանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որմէ անմիջապէս ետք Լորի Եթերեան բացման խօսքը կատարեց եւ բոլոր ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ապա սկիզբ առաւ երեկոյին առաջին մասը, ուր «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երիտասարդական» նուագախումբ` «Տը եութ պենտ»-ը ներկայացուց հինգ երգեր` մասնակցութեամբ Լեթիսիա Հէքիմեանի ինչպէս նաեւ Ալիս Իփրաճեանի:
Տօնահանդէսի երկրորդ բաժինին ընթացքին, հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեանը` ուր ներկաներուն հրամցուց «Վարդանանց յիշատակին» ասմունքը:
Բեմ բարձրացաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Վերապատուելին իր պատգամը ամփոփեց հետեւեալ չորս հարցումներուն մէջ. ի՞նչ է քրիստոնէութիւնը, ի՞նչ է ազատութիւնը, ի՞նչ է հողը եւ ի՞նչ է յոյսը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն չմոռնալու հայոց պատմութիւնը, որ միեւնոյն ժամանակ մեր ինքնութիւնն է:
Օրուան պատգամին յաջորդեց տօնահանդէսին երրորդ բաժինը, որուն ընթացքին կրկին բեմ բարձրացաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Երիտասարդական» նուագախումբը` «Տը եութ պենտ»-ը` մասնակցութեամբ Ալիս Իփրաճեանի: Անոնք ներկաներուն հրամցուցին ժողովրդական ինչպէս նաեւ ժողովրդային ճոխ երգաշար մը:
Թատերասրահին մթնոլորտը բաւական ջերմանալէ ու ներկաներուն «հայկական ջիղը» վերանորոգուելէ ետք, բեմ բարձրացաւ Գէորգ եպս. Ասատուրեանը` փոխանցելու համար իր հայրական պատգամը: Գերապայծառ տէրը իր խօսքը սկսաւ նախ շնորհակալութիւն յայտնելով Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ, թէ ինչպէս այս յայտագիրին եւ այս տօնահանդէսին միջոցով բոլոր ներկաները կրցան վերապրիլ 451 թուականը:

Գերապայծառ տէրը իր խօսքը փակեց ներկաներուն մաղթելով, որ միշտ յանձնառու ըլլան Վարդանանց ճակատամարտի պատգամին:
Վարդանաշունչ տօնահանդէսի աւարտին, գերապայծառ տէրը իր պահպանիչով օրհնեց ներկաները, ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք բեմ բարձրացան վերապատուելին եւ կղերական դասը, որպէսզի այս յիշատակելի երեկոն փակեն պատմական լուսանկարով մը:

Դիւան՝
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2019, 07:58