Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Կատարեալ ուրախութիւնը

Յիսուս իր հրապարակային առաքելութիւնը կը սկսի եւ Յովհաննէս մկրտիչը տակաւին ողջ է, ու մկրտել կը շարունակէ:

Յովհաննէս պատասխանեց. «Մարդ չի կրնար իր կամքով բան մը ընել եթէ չէ տրուած իրեն երկինքէն: Դուք իսկ կը վկայէք ինծի, քանի որ ըսած եմ ձեզի, թէ ես չեմ Քրիստոսը, այլ՝ ղրկուած եմ անոր առջեւէն: Ով որ հարսը ունի, ան փեսան, իսկ փեսային բարեկամը, որ կեցած զինք կը լսէ, կը հրճուի ի լուր անոր ձայնին: Արդ, այս ուրախութիւնը որ իմս է, կատարեալ է: Հարկ է որ ինք աճի ու ես նսեմանամ»: (Յովհ. 3. 27-30)

Տէ՛ր, Քու ներկայութեանդ առաջ իմ սիրտս բաց: Օգնէ՛ ինծի, որպէսզի Քեզի դուռը բանամ, որպէսզի Քեզ թողնեմ՝ իմ կեանքիս մէջ մտնես: Յիսուսի սիրոյ մէջ մեծնամ:
Մենք Յովհաննու Աւետարանին սկիզբն ենք: Յիսուս իր հրապարակային առաքելութիւնը կը սկսի եւ Յովհաննէս մկրտիչը տակաւին ողջ է, ու մկրտել կը շարունակէ: Այս հատուածին մէջ, Յովհաննէս կը պատասխանէ մէկու մը, որ եկած է իրեն ըսելու, որ, Յիսուս, որուն մասին Յովհաննէս վկայութիւն տուաւ, կը մկրտէ եւ «բոլորը անոր կ'երթան»: Հարցումով լռելեայն հասկնալ.Յովհանէս արդեօ՞ք նկատի չ'առնէր, որ հիմա Յիսուս իրեն համար մրցակից մըն է, եւ որ Յիսուս զինք ստուերի տակ կը թողու: Սակայն Յովհաննէսի պատասխանը կասկածելու ոեւէ առիթ չի տար: Ինք չէ Փրկիչը: Այսինքն՝ Օծեալը «Մեսիան» իր առաքելութիւնն այն է՝ մարդկանց դէպի Իրեն առաջնորդել:
Դառնանք իր բառերուն ուրեմն. «Որուն որ հարսը կը պատկանի, անիկա է փեսան, ինչ կը վերաբերի փեսային բարեկամին, ան այնտեղ է, փեսային ձայնը կը լսէ եւ շատ ուրախ է: Իմ ուրախութիւնն է, կատարեալ է: Ան պէտք է մեծնայ եւ ես նսեմանամ»:

Յովհաննէս մինչեւ վերջ հաստատ է իր գաղափարին, ոչ միայն Յիսուսին նկատի չ'առներ որպէս մրցակից մը, այլ ընդհակառակը, իր ուրախութիւնը հիմա կրնայ կատարեալ ըլլալ: Իրեն համար ի՞նչ իմաստ կրնար ունենալ յայտարարելու եւ պատրաստելու գալուստը մէկու մը, որ կրնար եւ չի գալ: Այս մէկին համար զորս կ'ընէր՝ եկած է, ինչպէս ուրախ չըլլայ: Այսուհանդերձ, ան կրնար ուրիշ կերպով զգացումներ ունենալ: Յովհաննէս թակարդի մէջ չէր ինկած, որ ուշադրութիւն դարձնէր, այլ իր ըրածները կը համտեսէր մինչեւ որ դատը մոռնար:
Այս թակարդը մեզի ալ կը ձգտի եւ ատեններ՝ մենք զմեզ թողնելով, մեզի դիւրին կերպով խաբէ քան Յովհաննէս Մկրտիչը: Ինչ որ կ'ընենք, կը սիրե՞նք: Աւելի աղէկ, Տիրոջ շնորհակալութիւն յայտնենք: Բայց այստեղ չմնանք: Այս հարցին վրայ հիմնաւորուինք, ինչո՞ւ համար այս բանը կատարեցի: Եթէ ոչ, կը համարձակինք մնալ ուրախութեան հետ, ուրախութիւն՝ ինչ որ կ'ընենք, բայց անկատար ուրախութիւն: Քանի որ լաւ է կատարեալ ուրախութիւնը զորս մեր սիրտը կը ցանկայ: Եւ այս կատարեալ ուրախութիւնը միայն փեսան կրնար մեզ նուիրել: Փեսան՝ որուն մենք բոլորս կը սպասենք, մեր անձին փեսան: Այն բոլոր բաները որ Յիսուսին չ'առաջնորդէր, ժամանակի կորուստ է մեզի համար:
Տէր, իմ կեանքը ճամբորդութիւն մըն է, ուխտագնացութիւն մըն է: Եւ իմ ճանապարհս երբեմն համակրելի տեղերէ կ'անցնի, ուր՝ պէտք է կանգ առնեմ, եւ երբեմն ալ թերեւս մնալ: Օգնէ՛ ինծի, որ իմ աչքերս Քու վրադ կեդրոնանան, Տէ՛ր: Քեզի է որ իմ սիրտս կը սպասէ:

Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2019, 07:00