Որոնել

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի անդամները 

Մարոնի եպիսկոպոսներուն խորհուրդի նիստը նախագահութեամբ Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մեծապէս գնահատեց Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ այցելութիւնը:

Մարոնի Եպիսկոպոսներու խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց, Որ Կառավարութիւնը Իր Աշխատանքով Կարենայ Հատուցել Վատնուած Ինը Ամիսները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ողջունեց կառավարութեան կազմութիւնը եւ անհրաժեշտ նկատեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը իր աշխատանքով կարենայ հատուցել վատնուած ինը ամիսները:

Խորհուրդը նկատել տուաւ, որ կառավարութեան դիմաց գտնուող մարտահրաւէրները մեծ են եւ լուրջ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը բարեկարգումի կառավարութիւն է եւ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնէ` իրագործելու համար լիբանանցիներուն պահանջները:

Մարոնի եպիսկոպոսները մաղթեցին, որ լիբանանեան լրատուամիջոցները կառավարութեան աշխատանքին անդրադառնան առանց քաղաքական մեկնաբանութիւններու եւ այդ գործին նկատմամբ ցուցաբերեն երկրին համար կատարուած փրկարար աշխատանքի մօտեցում:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը մեծապէս գնահատեց Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ այցելութիւնն ու «Մարդկային եղբայրութիւն» համաշխարհային խորհրդաժողովին կայացումը` ապահովելու համար համաշխարհային խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը մասնակցած էր Ապու Տապիի «Մարդկային եղբայրութիւն» համաշխարհային խորհրդաժողովին եւ այդ առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտած, որ կրօնները պատերազմ չեն հրահրեր, այլ` անոնց հետեւորդները: «Եղբայրութիւնը դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող միակ միջոցն է», ընդգծած էր Ռայի պատրիարքը:

Ան հաստատած էր, որ «Մարդկային եղբայրութիւն» խորհրդաժողովը մարդոց խիղճերուն վրայ հսկայական արդիւնքներ պիտի ունենայ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2019, 09:41