Որոնել

Լորեթոյի Տիրամայր Լորեթոյի Տիրամայր 

Լորեթոյի Տիրամօր Սրբավայրին մէջ աղօթք յառաջիկայ եպիսկոոսական հաւաքին համար։

Հաւաքին ի կը մասնակցին նաեւ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Արհ Տէր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 16 փետրուար 2019-ին, Իտալիոյ կեդրոնական շրջանի մէջ գտնուող Լորէթոյի Սրբավայրին մէջ կատարուած Վարդարանի ջերմեռանդական աւանդական աղօթքը  Քահանայապետական պատուիրակ գերապայծառ Ֆապիօ Տալ Չինի կամքով կը նուիրուի յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի մէջ գումարուելիք Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահներու հաւաքին որոնք Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով՝ աշխարհի չորս ծագերէն Հռոմ պիտի ժամանեն միասին քննարկելու ու խորհրդածելու «Եկեղեցւոյ  մէջ Մանուկներու Պաշտպանութեան» հարցին շուրջ։

Հաւաքին ի մէջ այլոց կը մասնակցին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ  Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը  եւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհ Տէր Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանը։

Հաւաքը սկիզբ  կ՛առնէ հինգշաբթի  21 փետրուարին ու վերջ կը գտնէ կիրակի 24 Փետրուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահած համապատարագով, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը յատուկ եզրափակիչ պատգամ մը պիտի ուղղէ բոլորին։

Վերոնշեալ սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքին առթիւ Գերապայծառ Տալ Չինը հրաւիրած է բոլոր հաւատացեալները Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցելու օգնութիւն՝ որպէսզի աջակից ըլլայ եւ առաջնորդէ եպիսկոպոսները իրենց այդ խորհրդածական նիստերու ընթացքին ապա Սուրբ Հոգւոյն շնորհքով ու ճշմարտութեան փնտռտուքով ի յայտ գայ կարողութիւնը դիմագրաւելու ցաւալի ու տառապանքի իրավիճակները որոնք յառաջ կու գան Աւետարանի դէմ գործադրուած արարքներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2019, 09:33