Ապու Տապի Ապու Տապի 

Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ եկեղեցին թիւերով:

Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն մէջ եկեղեցական դասը ունի մէկ եպիսկոպոս, 11 թեմական քահանաներ, 57 կրօնաւորն, մէկ մնայուն սարկաւագ, 43 կրօնաւորուհիներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

3 – 5 Փետրուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական միացեալ Էմիրութիւններ կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, կ՝անդրադառնանք Արաբական էմիրութիւններու մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրականութեան։

Արաբական էմիրութիւններու մէջ 9,229,000 հաշուող բնակչութեան 901000-ը կը հետեւին կաթողիկէ դաւանանքին: Այդ հասարակութիւնը կազմուած է ընդհանրապէս աշխատանքի բերումով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ բնակութիւն հաստատող օտարերկրեայ հաւատացեալներէն։

Արաբական էմիրութիւններուն մէջ եկեղեցին կազմակերպուած է իր եկեղեցական մէկ տարածքով, ուր կը գտնենք՝ 8 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ 15 հովուական ծառայութեան կեդրոններ :

Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն մէջ եկեղեցական դասը ունի մէկ եպիսկոպոս, 11 թեմական քահանաներ, 57 կրօնաւորներ, մէկ մնայուն սարկաւագ, 43 կրօնաւորուհիներ ինչպէս  նաեւ կաթողիկէ վարդապետութեան 1535 դասատուներ: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2019, 09:46