Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ եկեղեցին թիւերով:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
3 – 5 Փետրուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին Արաբական միացեալ Էմիրութիւններ կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ, կ՝անդրադառնանք Արաբական էմիրութիւններու մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրականութեան։
Արաբական էմիրութիւններու մէջ 9,229,000 հաշուող բնակչութեան 901000-ը կը հետեւին կաթողիկէ դաւանանքին: Այդ հասարակութիւնը կազմուած է ընդհանրապէս աշխատանքի բերումով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ բնակութիւն հաստատող օտարերկրեայ հաւատացեալներէն։
Արաբական էմիրութիւններուն մէջ եկեղեցին կազմակերպուած է իր եկեղեցական մէկ տարածքով, ուր կը գտնենք՝ 8 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ 15 հովուական ծառայութեան կեդրոններ :
Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն մէջ եկեղեցական դասը ունի մէկ եպիսկոպոս, 11 թեմական քահանաներ, 57 կրօնաւորներ, մէկ մնայուն սարկաւագ, 43 կրօնաւորուհիներ ինչպէս նաեւ կաթողիկէ վարդապետութեան 1535 դասատուներ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ