Որոնել

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքը Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքը 

Միջին Արեւելքի Պատրիարքները. «Արեւմուտքը պատասխանատու է Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութիւններուն:»

Արեւմտեան երկիրները Իրաքի մէջ անտեսելով իրացքցիներուն բարիքը, զարգացուցած են լոկ իրենց շահերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մոնաքոյի մէջ վերջերս գումարուած անվտանգութեան ոչ կառավարական միջազգային 55-րդ վեհաժողովին , քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն շարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Միջին արեւելքի եկեղեցիներէն Քաղդէացիներուն Պատրիարք՝ կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն եւ Անտիոքի օրթոտոքսներուն պատրիարք՝ Մոր Իգնատիոս Աֆրեմ Բ պատրիարքը:
Երկու պատրիարքները առիթ ունեցած են հանդիպելու զանազան երկիրներուն քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ իրենց ունեցած ելոյթներու մէջ անդրադառնալու, Միջին Արեւելքի մէջ կրօնային հասարակութիւններու ներկայ կացութեան:

Քաղդէացիներուն Պատրիարքը կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ իր ունեցած ելոյթին մէջ անդրադարձած է այն բոլոր պատճառներուն, որոնք դիւրաբեկ դարձուցած են Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւնները, դիտել տալով որ Օսմանեան կայսրութեան քայքայումէն ետք, Արեւմտեան երկիրները ոչ մէկ քայլի ձեռնարկած են Միջին Արեւելքի մէջ երաշխաւորելու ՝ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասար իրաւունքները:
Անդրադառնալով Իրաքի ներկայ կացութեան, Ան նկատել տուած է որ Իրաքի ժողովուրդը Սատտամ Հուսէյնի կառավարական համակարգէն ետք, կ՝ապրի քաղաքական անկայուն վիճակի մէջ, փտածութեան երեւոյթներու եւ ոչ կառավարական զինուած ուժերուն աճումին պատճառաւ:
Կարդինալ Սաքօ անվտանգութեան վեհաժողովին մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնած է այս իրողութիւնը որ Արեւմտեան երկիրները Իրաքի մէջ անտեսելով իրացքցիներուն բարիքը, զարգացուցած են լոկ իրենց շահերը ՝ իրենց հակակշիռին տակ առնելով երկրի բնական հարստութիւնները:

Պատրիարքը նկատել տուած է նաեւ - որ Իրաքի կառավարութիւնը ոչ մէկ բան ըրած է , Նինւէ շրջանէն հեռացած բնակչութիւնը իրենց բնակարանները վերադառնալու համար, ընդգծելով որ սոյն իրավիճակէն դուրս գալու համար նախ եւ առաջ կառավարութիւնը պէտք է որ ոչ մի ջանք խնայէ ճանչնալու համար իւրաքանչիւր քաղաքացիի հաւասար իրաւունքները , ապա դպրոցներու մէջ մշակել կրթական ծրագիրներ՝ խտրականութեան դէմ եւ Իսլամներուն մէջ վերացնել ժիհատական գաղափարախօսութիւնը իսկ քրիստոնեաներուն մէջ Սուրբ Պատերազմի գաղափարը:
Ան մաղթած է որ ֆրանչիսկոս Պապի Միացեալ Էմիրութիւնիններ կատարած այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ «մարդկային եղբայրութիւն» փաստաթուղթը նպաստեն կրօնային ծայրայեղականութեան պատճառներուն անհետացման:

Մինչ ՝օրթոտոքսներուն, Մոր Իգտանատիոս Աֆրեմ Բ պատրիարքը իր ունեցած ելոյթին մէջ անդրադարձրած է Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան , յիշած է ապրիլ 2013-ին անհետացած Յոյն Օրթոտոքսներու Պուլոս Եազիճի եւ Մար Կրերկորիոս Եուհաննա Իպրահիմ արքեպիսկոպոսները: Պատրիարքը իր դժգոհութիւն յայտնած է այն առումով, որ սոյն ապահովութեան վեհաժողովին բացակայ են Սուրիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչներ :
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ժողովուրդին կրած ներկայ տառապանքներուն, Պատրիարքը յայտնած է որ այդ տառապանքները բազմապատկուած են քաղաքական ներկայ կացութեան պատճառաւ ինչպէս նաեւ միջազգային կարգ մը երկիրներուն կողմէ Սուրիոյ դէմ կիրարկած պատժամիջոցներուն հետեւանքով:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 10:50