Յիսուսի Տաճար ընծայման սրբապատկեր Յիսուսի Տաճար ընծայման սրբապատկեր 

Ծիսական գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Յայտնութեան «3-10 Փետրուար 2019»

Շաբաթ` 9 Փետրուարին ` տօնն է երկու Անտիոքացի քահանաներու, Եւգինէոս եւ Մակարիոս:

Կիրակի օրուան աւետարանը. Որովհետեւ Յիսուս կը փնտռէ կամքը զինք ղրկողին, ուրեմն իր վկայութիւնը ճշմարիտ է։ Այս է ահա գլխաւոր առանցքը Քրիստոսի պատճառաբանութեան իր անձին եւ գործերուն նկատմամբ. Իր խորին փափաքն է որ իր խօսակիցները հաւատան իր աստուածային ծագումին եւ մտիկ ընեն ու գործադրեն աշխարհ բերած իր պատգամը, որ կենսական արժէք ու կարեւորութին ունի մարդուս յաւիտենական փրկութեան համար։

Երկուշաբթի՝ 4 Փետրուարին , տօնն է ՝ Գորդիոս վկայի ու նաեւ Սուրբ Պօղիկտոսի եւ Սուրբ Գրիգորիսի։

Երեքշաբթի՝ 5 Փետրուարին, տօնն է Եւգինէ կոյսի անոր հօր՝ Փիլիպոսի, մօր՝ Կղոդէի ու երկու եղբայրներու՝ Սերկէյի ու Ապիտոնի ինչպէս նաեւ երկու ներքինիներու։

Հինգշաբթի՝ 7 Փետրուարին, տօնն է Մարութա Եպիսկոպոսին։ Մարութա՝ որ ասորի հօր եւ հայ մօր զաւակ էր, մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր ոչ միայն Հայերու մօտ, այլ նաեւ բոլոր Արեւելեան ծէսերու մօտ։ Ան Եպիսկոպոսն էր Միջագետքի Նփրկերտ կամ Նիմրութ քաղաքին, չորրորդ դարու վերջերը։ Մեծ յարգանք կը վայելէր նաեւ Պարսիկներու կողմէ, որովհետեւ հրաշքով բուժած էր Յազկերտ Ա. թագաւորի որդին։ Իր միջնորդութեամբ` որոշ ժամանակ մը խաղաղութիւն տիրեց ընդմէջ Բիւզանդական կայսրութեան եւ Պարսիկներու։ Ամփոփեց բոլոր Պարսկաստանի մէջ նահատակուած վկաներու աճիւնները իր քաղաքին մէջ։ Գրած է պատարագամատոյց մը, Սուրբ Գրքի մեկնաբանութիւններ եւ զանազան աղօթքներ։

Շաբաթ` 9 Փետրուարին ` տօնն է երկու Անտիոքացի քահանաներու, Եւգինէոս եւ Մակարիոս, որոնք զոհ գացին Յուլիանոս Ուրացողի հալածանքներուն. Անոնք աքսորուեցան մինչեւ Մորիդանիա, ուր եւ մահացան։ Նոյնպէս կը տօնենք երեք Տրապիզոնցի վկաներ. Վաղերիոս, Կանդիտոս եւ Ակիւղաս. Անոնք նահատակուեցան Դիոկղետիանոս կայսեր օրով, յետ բազում չարչարանքներու։
Կիրակի 10 Փետրուարը Առաջաւորի բարեկենդան է։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2019, 08:36