Որոնել

Սուրբ Սարգիս Սուրբ Սարգիս 

Այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Սարգիսի տօնը։

Ս. Սարգիս զօրավարը իր որդին` Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներուն հետ նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի:
Ունկնդրէ Հայր Մաշտոց Զահթերեանի խորհրդածութիւնը

Աղօթք Սուրբ Սարգիսին

Բարձրեալէն գերագոյն պատիւ ստացար Քրիստոսի քով բարեխօսելու համար եւ դարձար մեր խնդրանքները կատարող, աղօթքները լսող, սատանաները հալածող, ով արա գա հաս Սուրբդ Սարգիս:

Ցաւերով  լեցուն  մարդկային կեանքին զօրեղ բժիշկ. արտասուքը սրբող, նեղութեան մէջ ինկածներու վիշտերը դիւրութեամբ մեղմացնող,գերիները ազատող, ով արագահաս Սուրբդ Սարգիս:

Դուն որ ամէն տեղ կը յիշուիս ու կը փառաբանուիս, որովհետեւ գեղեցիկ եւ բարի անուն ես, հաւատացեալներուն շուրթերուն համար քաղցրահամ պտուղ:

Գիշեր ու ցերեկ յոյսով քեզ կը կանչենք, արագահաս Սուրբդ Սարգիս, բարեխօս եղիր, Քրիստոսի քով, մեր անձերուն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2019, 09:06