Սուրբ Վլաս Սուրբ Վլաս 

3 փետրուարին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Վլաս Հայրապետին Տօնը։

Սուրբ Վլաս ճանչցուած է որպէս կոկորդի ցաւեր բժշկող սուրբ:

Սեբաստիոյ առաջնորդ՝ Վլաս եպիսկոպոսը, իր կեանքի օրինակով եւ ունեցած զարգացումով բոլորին կողմէ յարգուած եւ սիրուած անձ մը եղած է : Ան հետեւած է փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան, զորս ի սպառ դրած է քրիստոնէութիւնը պաշտպանելու համար: 

Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ. Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։

Ան Սեբաստիոյ առաջնորդ կ’ընտրուի եկեղեցւոյ հալածանքի բուռն ժամանակներուն: Կը հրահանգէ հաւատացեալներու որ հետեւին իրեն եւ լեռները բարձրանան, ազատուելու համար հալածանքներէն: Սակայն զինք հալածողները կը գտնեն զինք լեռներուն մէջ եւ Սեբաստիա իջեցնելով կը չարչարեն եւ հաւատքի ուրացում կը պահանջեն իրմէ: Ան կը մերժէ ուրանալ իր ճշմարիտ հաւատք եւ մինչեւ վերջ կը դիմանայ չարչարանքներուն: Ի վերջոյ կը գլխատուի եւ արժան կ’ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ Աստուծոյ ներկայութեան ապրելու:

Կը պատուի թէ Ս. Վլաս եպիսկոպոս, իր չարչարանքներուն ընթացքին կոկորդին մէջ կախուած ձուկի փուշէն մահացած պատանի մը կ՛առողջացնէ եւ կը ճանչցուի որպէս կոկորդի ցաւեր բժշկող սուրբ:

Ս. Վլաս,  ամենէն ժողովրդական սուրբերէն մին եղած է Միջինդարուն։ Ս. Վլասի տօնը Յոյները կը յիշատակեն 11 փետրուարին, Լատինները՝ 3 փետրուարին իսկ հայ եկեղեցին՝ութօրէքի կամ Վարդավառի յաջորդող առաջին սրբոց օրը, նայած թէ Զատիկը ուշ թէ կանուխ կու գայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2019, 09:00