Պապական Նուիրակի եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի միջեւ հանդիպում Պապական Նուիրակի եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի միջեւ հանդիպում 

Պապական Նուիրակի եւ Նարեկ Արքեպիսկոպոսի միջեւ հանդիպում

Այս այցելութեան ընթացքին, սրբազան հօր ընկերացաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան

Հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Ճոզեֆ Սփիթերի արքեպիսկոպոսին:

Այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ սրբազան հայրն ու պապական նուիրակը զրուցեն Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ անցեալի ու ներկայի յարաբերութիւններուն, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանային եւ տեղական իրականութիւններուն, Լիբանանի հայոց թեմի դրուածքին եւ առաքելութեան ու Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական բարդութիւններուն մասին:

Ճոզեֆ Սփիթերի արքեպիսկոպոս իր գոհունակութիւնը յայտնեց Նարեկ արքեպիսկոպոսի երկար տարիներու միջեկեղեցական յարաբերութիւններու վաստակին համար եւ խոստացաւ մօտ ապագային փոխադարձ այցելութիւն տալ Ազգային առաջնորդարան:

Այս այցելութեան ընթացքին, սրբազան հօր ընկերացաւ Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 08:19