Որոնել

Մարմնաւոր հաց եւ երկնքէն իջած հաց Մարմնաւոր հաց եւ երկնքէն իջած հաց 

Կիրակի 17 Փետրուար 2019 Մարմնաւոր հաց եւ երկնքէն իջած հաց «Յովհաննէս Զ. 22-38»

Մինչ ժողովուրդը Քրիստոսի շուրջը կը դառնայ, սպասելով հացերու նոր հրաշքի մը, Տէրը կը հրաւիրէ զիրենք ճաշակելու ճշմարիտ հացէն,
Ունկնդրէ Խորհրդածութիւնը

Հացը կը խորհրդանշէ մարմնաւոր կերակուրը. Հայաստանի մէջ, երբ մէկը ճաշի կը հրաւիրեն, կ՛ըսեն. Եկուր, հաց կեր. անշուշտ միայն հաց ուտելու չէ որ կը կանչեն, այլ լման ճաշի կամ ընթրիքի կը հրաւիրեն: Երբ Յիսուս կը բազմացնէ հացերը, կը բազմացնէ նաեւ ձուկերը, հիմնովին կշտացնելով հազարաւոր ժողովուրդ:

Հացը, կերակուրը, անհրաժեշտ է մարդոց' ապրելու համար։ Այն անձը որ երկար ժամանակ կը զրկուի կերակուրէ, կը տկարանայ եւ կրնայ նոյնիսկ սովամահ ըլլալ. աշխարհի վրայ կան տակաւին կարգ մը աղքատ երկիրներ ուր` մարդիկ եւ մասնաւորապէս մանուկները սովամահ կը մեռնին, մինչ անդին, հարուստ երկիրներու մէջ, ուրիշներ կը տառապին գիրութենէ, որ յաճախ արդիւնքն է շատակերութեան։ Անոնք կը ջանան իրենք զիրենք ենթարկել զանազան խիստ սննդականոններու, որպէսզի նիհարնան եւ վերագտնեն իրենց ներդաշնակ մարմնի ձեւը, իսկ ոմանք` որպէսզի վերստանան իրենց առողջութիւնը։

Մարդս իր բոլոր կեանքի ընթացքին կ՛աշխատի որպէսզի կարենայ իր օրական ապրուստը ճարել, անօթի չմնալ եւ շարունակել ապրիլ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը. Կ՛աշխատի նաեւ յարմար բնակարան մը ունենալու համար եւ կարենալու իր կեանքը պարկեշտ ու մարդավայել կերպով ապրելու։ Այս բոլորը շատ բնական է եւ օրինաւոր, ինչ որ կ՛արտօնէ մարդուն որ աշխատի իր առօրեայ սնունդը ապահովելու համար։

Այսօրուայ աւետարանին մէջ, կը տեսնենք թէ մինչ ժողովուրդը Քրիստոսի շուրջը կը դառնայ, սպասելով հացերու նոր հրաշքի մը, Տէրը կը հրաւիրէ զիրենք ճաշակելու ճշմարիտ հացէն, որմէ եթէ ուտեն երբեք պիտի չանօթենան։ Ուստի ժողովուրդը, դեռ աւելի հետաքրքրուած, Յիսուսի ետեւէն կ՛երթայ, սպասելով թէ ինչ նոր հրաշք մը պիտի գործէ։ Անոնք պատրաստ են նոյնիսկ զինք թագաւոր հռչակելու եւ, թողլով դպիրներն ու փարիսեցիները, իր վարդապետութեան հետեւելու: Ասիկա կը հանդիսանայ գլխաւոր կէտը որուն կը սպասէին այս վերջինները որպէսզի գային ու հակադարձէին իրեն եւ զանազան հարցումներով նեղի մատնէին Յիսուսը։

Սակայն Յիսուս կ՛ուզէ բացատրել իրենց եւ- անոնց միջոցաւ մեզի անշուշտ, թէ հացը, նոյնիսկ եթէ անհրաժեշտ է մարմնաւոր կեանքին համար, չի կրնար ըլլալ կեանքի գլխաւոր նպատակը. Ուրիշ բան մը կայ, մարմնաւոր կեանքէն անդին, որուն կերակրումը հացով չի կրնար ըլլալ։ Ասոր համար է որ ինք եկած է աշխարհ, տալու այդ հոգւոյ սնունդը, ճշմարիտ հացը, որ կը պարգեւէ յաւիտենական կեանքը։

Ո՞րն է այդ հացը որ երկնքէն կու գայ եւ կեանք կու տայ. Այդ հացը նախ Յիսուսի խօսքն է. Ով որ հաւատայ իրեն, ընդունելով իր խօսքին ճշմարտութիւնը, պիտի ընդունի իր մէջ յաւիտենական կեանքի սերմը, որով պիտի ապրի երջանիկ, լեցուած յաւիտենական կեանքի յոյսով։ Իսկ Քրիստոսի խօսքը կը նոյնանայ ինք իր անձին հետ, երբ կ՛ըսէ. Ես եմ երկնքէն իջած կեանքի հացը. այս հացը սուրբ Հաղորդութիւնն է:

Սիրելի հաւատացեալներ, մենք ամէն կիրակի կրնանք ընդունիլ այս երկնաւոր հացը, երբ լսենք սուրբ աւետարանը եւ ապա մօտենանաք խորանին ու հաղորդութիւն առնենք. Այդ հացին միջոցաւ պատրաստ է ան մեզի ամէնուս տալու հոգեւոր կերակուր մը, որ միշտ կենդանի կը պահէ։ Ուստի մտիկ ընենք Տիրոջ խօսքին ու երկիւղով ընդու-նինք իր մարմինը, որպէսզի ապահովենք մեր յաւիտենական երջանկութիւնը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2019, 08:46