Որոնել

Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսի Եկեղեցին Նորչայի Սուրբ Պենետիկտոսի Եկեղեցին 

Սուրբ Պենետիկտոսի՝ Եւրոպայի խաղաղութեան ու միասնութեան նուիրուած ջահի լուսաւորումը։

Սուրբ Պենետիկտոսի ջահի օրհնութեան աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 23 փետրուար 2019-ի յետմիջօրէի 16.30-ին Իտալիոյ կեդրոնական շրջանի մէջ գտնուող ու 2016-ին ահաւոր երկրաշարժի թիրախ դարձած Նորչա քաղաքի Սուրբ Պենետիկտոսի Եկեղեցւոյ փլատակներու առջեւ կայացած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին պիտի լուսաւորուի Սուրբ Պենետիկտոսի՝ Եւրոպայի խաղաղութեան ու միասնութեան նուիրուած ջահը, որ ապա յառաջիկայ 27 փետրուարին Վատիկանի մէջ կայացած  չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին պիտի օրհնուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ։

Սուրբ Պենետիկտոսի ջահի օրհնութեան աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին` երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի պաշտպան սուրբ։

Սկզբնական շրջանին ջահը կը կրէր ''Մէկ՝ Եւրոպայի ի նպաստ'' անունը, ապա՝ 1992 թուականէն սկսեալ, ուր հաստատուած էր Մաասթրիխթի Պայմանագիրը, «Պենետիկտեան Ջահ»ը վերածուեցաւ խաղաղութեան խորհրդանիշի ու կրեց ''Վասն խաղաղութեան ու Եւրոպայի միասնութեան Պենետիկտեան ջահի'' անունը։

Սուրբ Պենետիկտոս կը խորհրդանշէ Եւրոպայի քրիստոնէական արմատներուն դաւանումը, որ հասարակաց է եւրոպական 27 երկիրներու։ Պենետիկտեան Ջահ»ը կը ներկայացնէ Սուրբ Պենետիկտոսի լոյսը, որ կը տարածուի Եւրոպայի վրայ՝ բերելով խաղաղութիւն եւ զօրացնելով միասնութեան հոգին։

Ջահի լուսաւորումէն ետք, հաւատացեալներու խումբ մը՝ ուխտագնացութիւն կատարելով ջահը կը տանին Եւրոպայի զանազան քաղաքներ։

Այս տարի եւս «Պենետիկտեան Ջահ»ի ուղեւորութիւնը  սկիզբ կ՛առնէ Նորչա քաղաքէն որտեղէն  կը մեկնի Լեհաստան՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի ծննդավայրը, այցելելով նաեւ Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարը ու Քրաքովիայի աթոռանիստ եկեղեցին։ 

Պենետիկտեան Ջահի տօնախմբութիւններըը հուսկ կ՛եզրափակուին 21 մարտին յատուկ արարողութեամբ,  զոր միաժամանակ կը կատարուի՝ ըլլայ Նորչայի մէջ, ըլլայ Սուպիաքոյի եւ Քասսինոյի Պենետիկտեան վանքերուն մէջ։

«Եւրոպայի խաղաղութեան եւ միասնականութեան նուիրուած Պենետիկտեան ջահի լուսաւորման արարողութիւնը կը կատարեն Եւրոխորհրդարանի նախագահ՝ Տիար Անոթոնիօ Թաեանի, Նորչայի քաղաքապետ՝  Տիար Նիքոլա Ալեմաննօ, Սուպիաքոյի քաղաքապետ՝  Տիար Ֆրանչեսքօ Փելլիչա  եւ Սփոլեթօ - Նորչա թեմին Արքեպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտոն։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուին նաեւ Նորչայի Պենետիկտեան միաբանութեան անդամները եւ Մոնթէքասսինօ Վանքին Աբբահայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2019, 08:38