Տեառնընդառաջ Տեառնընդառաջ  

Տեառնընդառաջ կամ Տօն Քառասնօրեայ Գալստեանն Քրիստոսի ի Տաճարն

Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին

Ըստ Հրէական Օրէնքի` ամէն արու զաւակի ծնունդէն յետոյ, երբ կը լրանան սրբագործման քառասուն օրերը, նորածինին մայրը իր երեխայի հետ կ՛այցելէր Տաճար, զոհ կը մատուցանէր եւ օրհնութիւն կը ստանար քահանայէն:

Այսպէս Ս. Աստուածամայրը քառասնօրեայ Յիսուս Մանկան հետ կը ներկայանայ Տաճար: Այս մասին կը յիշատակէ Ղուկաս Աւետարանիչը: Ներկայացնելով Յիսուսի կեանքի այս դրուագը՝Աւետարանիչը կը պատմէ նաեւ Սիմէոն ծերունիին մասին, որուն Ս. Հոգիէն հրամայուած էր մահ չտեսնել, մինչեւ Տիրոջ Օծեալը տեսնելը:
Հայ Եկեղեցւոյ կանոնին համաձայն, տօնին նախօրէին, երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ կը կատարուի նախատօնակ, որ կ'աւետէ Տէրունի տօնին սկիզբը: Նախատօնակի արարողութեան աւարտին՝կը կատարուի հնաւանդ անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին կ'օրհնուին աշխարհի չորս ծագերը:

Ժամերգութեան աւարտին մարդիկ եկեղեցիին մէջ վառուող մոմէն կը վառէին իրենց մոմերը՝ Քրիստոսի փրկարար լոյսի խորհրդանիշը իրենց հետ տանելով տուն։

Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, եկեղեցիէն դուրս բերուած մոմի կրակով կը վառեն նաեւ Տեառնընդառաջի խարոյկը։ 

Ըստ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի, ինչպէս Տիրոջը տաճարին ընծայելու ժամանակ ժողովուրդը ջահերով եւ կանթեղներով ելաւ անոր ընդառաջ, մենք ալ նոյն օրինակով կրակ ու ջահ կը վառենք եւ Տիրոջ գալստեան նախատօնակը կը կատարենք։

Տեառնընդառաջի տօնը Տիրոջ ընդառաջ երթալու հրաւէր մըն է բոլորին։ Քրիստոս՝Աստուծոյ Միածին Որդին, երկինքէն իջաւ եւ մեր փրկութեան համար աշխարհ եկաւ։ Այս մէկը աստուածային սիրոյ գերագոյն դրսեւորումն է Արարիչէն հեռացած արարածին հանդէպ։ Մարդացած Աստուածորդին ամէն պահ կը դիմէ մեզի՝ Եկէ՛ք ինծի բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ կը հանգստացնեմ (Մատթ ԺԱ 28)։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2019, 08:19