Որոնել

Վատիկան Քաղաքի մուտքերէն մին Վատիկան Քաղաքի մուտքերէն մին 

«Սուրբ Աթոռը եւ Վատիկանը միջազգային նոր բանակարգէն ներս» համաժող

Լատերանեան Դաշինքը կարեւոր հանգրուան մը հանդիսացաւ պատմութեան մէջ ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ Լատերանեան դաշնագրի ստորագրութեան (11 փետրուար 1929) 90 ամեակին առթիւ, Վատիկանեան ու Եկեղեցական՝  Եկեղեցական Կանոնագրութեան բարձրագոյն կրթութեան դպրոցը, Հռոմի Լումաս Համալսարանին մէջ, կազմակերպած է «1929-2019 - Սուրբ Աթոռը եւ Վատիկանը միջազգային նոր շրջանակէն ներս» նիւթով համաժողովը, որուն աշխատանքային երկու նիստերու ընթացքին այդ ոլորտի առաջատար մասնագէտներէ ոմանք բազմամասնագիտական քննարկումներ պիտի կատարեն Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի Պետութեան մասին՝ համաշխարհային նոր շրջանակէն ներս։

Առաջին նիստին նիւթն է «Լատերանեան դաշնագիրը այսօր՝ մարտահրաւէրներ ու հեռանկարներ» որուն ծիրէն ներս ելոյթ կունենան ի շարս այլ բանախօսներուն Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոն՝ Վատիկան Պետութեան Կառավարիչը ու Լումաս համալսարանի Բեկտոր Փրոֆ Ֆրանչեսքօ Պոնինի։

Մինչ յետմիջօրէի երկրորդ նիստը վերապահուած է « Վատիկանի Պետութիւնը եւրոպական ու համաշխարհային նոր իրականութեան մէջ» նիւթին  որ պիտի աւարտի Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝  Կարդինալ Փարոլինի զեկոյցով։

«Լատերանեան Դաշինքը կարեւոր հանգրուան մը հանդիսացաւ պատմութեան մէջ, որ վերջ դրաւ Իտալիոյ եւ Վատիկանի միջեւ ստեղծուած հակամարտութեան  ու այդ դաշնագիրի լուծումները մինչեւ օրս կը մնան այժմէական՝ բացայայտելով յատուկ կենսունակութիւն» ըսած է այս առթիւ Վատիկանեան ու Եկեղեցական՝  Եկեղեցական Կանոնագրութեան բարձրագոյն կրթութեան դպրոցի տնօրէնը Փրոֆ Ճուզեփփէ Տալլա Թորրէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2019, 10:16