Որոնել

Վենեզուելայէն առնուած լուսանկար Վենեզուելայէն առնուած լուսանկար 

Վենեզուելլայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը կը դատապարտէ բռնութիւնները:

վենեզուելլայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն յանձնախումբը կը դատապարտէ մարդու հիմնականիրաւունքներուն խախտումի արարքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 19 փետրուարին, Վենեզուելլայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն յանձնախումբի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտած է Վենեզուելլայի մէջ ոստիկանութեան կողմէ գործադրուած ձերբակալութեան , անարդար եւ արիւնալի արարքները՝:
Հաղորագրութեան մէջ նշուած է

Ի տես Վենեզուելլայի մէջ ոստիկանութեան կողմէ կիրարկուած ձերբակալութեան արարքներուն ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութեան կողմէ Վենեզուելլայի ժողովուրդի ուղարկուած դեղորայքի գրաւումին, վենեզուելլայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն յանձնախումբը կը դատապարտէ այդ մարդու հիմնական իրաւունքներուն խախտումի արարքը, հիմնուելով սահմանդարութեան թիւ 83 եւ 84 յօդուածներուն վրայ:
Յանձնախումբը կը խնդրէ նաեւ որ Վենեզուելլայի Պետութիւնը կիրակէ իր բոլոր ուժերը յարգելու համար խաղաղութեան գործընթացը եւ ազատագրելու միջազգային կազմակերպութեան կողմէ ուղարկուած , ոստիկանութեան գրաւած դեղորայքը որոնք անհրաժեշտ ու հիմնական են Վենեզուելլայի բնակչութեան առողջապահութեան համար:

Միւս կողմէ նշենք որ անցեալ Երկուշաբթի, 18 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7,00ին, Քոլոմպիայի Պոկոթա մայրաքաղաքին հիւսիսը գտնուող Քենետի շրջանին մէջ սպաննուած է Վենեզուելլացի գաղթականները օգնող 65 ամեայ Հայր Քարլոս Ժարամիլլօ քահանան:Ֆիտես Լրատու գործակալութեան փոխանցմամբ , սպաննուած քահանային ծանօթները յայտնած են, թէ վարդապետին սպանած ու կողոպտած է գաղթական երիտասարդներէն մին ու թէ այժմ ձերբակալուած է կասկածեալ անչափահաս մը: 

Վարդապետի սպանութեան հարցով ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած անչափահասը իշխանութիւններուն յայտնած թէ քահանան փորձած է զինք շահագործել որուն մասին այժմ ոստիկանութիւններ հետաքննութիւն կը կատարել: Դէպքի հարցով կայ նաեւ այլ կասկածեալ մը : 

Սպաննուած քահանային ծանօթներուն վկայութեամբ Հայր Քարլոս Էրնեսթոն բարի վարդապետ մըն էր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2019, 13:04