Գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան Գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեան 

Հռոմի Քահանայապետական Հայ վարժարանը կը հիւրընկալէ առաքելական եկեղցւոյ եղբայրակիցները:

Սիրոյ սեղանի շուրջ հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն վերաբերեալեւ համայն հայութիւնը յուզող հարցեր։

Հինգշաբթի, 31 Յունուար 2019-ի կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայվարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ագապ մը վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյարգելի Նարեկ ծ.վ. Նաամոյեանի եւ Բերիոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պետրոս արք. Միրիաթեանի հրաւէրով: Ներկայ գտնուեցան՝ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ եւ Պապական նուիրակ Մխիթարեան միաբանութեան՝ Արհիապատիւ Լեւոն Պօղոս արք. Զէքիյեան, Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ եւԱրեւմտեան Եւրոպայի Էջմիածնի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Գերաշնորհ Խաժակ արք. Պարսամեան, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մայր Տաճարի լուսարարապետ՝Գերաշնորհ Մակար եպս. Աշգարեան, Էջմիածնի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու՝ Հոգեշնորհ Շահէ ծ.վ. Անանեան, Երեւանի Սրբոց Հրեշտակապետաց ճեմարանի տեսուչ եւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ ԳերապատիւՄաշտոց վրդ․ Զահթերեան, Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի ծիսագիտութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան եւ գրաբար լեզուի դասատու՝ Գերապատիւ Ներսէս վրդ. Սագայեան, Պիքֆայայի Դպրեվանքի տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսական միաբանութեան անդամ՝ Հոգեշնորհ Պսակ աբղ. Թեփիրճեան եւ համանուն վարժարանի ժառանգաւորները:

Սիրոյ սեղանի շուրջ հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ եւ համայն հայութիւնը յուզող հարցեր։

Վարժարանի Մեծաւորը բարի գալուստ մաղթեց հիւր հոգեւորականներուն եւ շեշտեց այսպիսի ամենամեայ հանդիպումներու կարեւորութիւնը: Ապա, Տ. Խաժակ Սրբազանը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի Մեծաւորին, Գերապայծառ Տէրերուն ու ժառանգաւորներուն, իրենց եղբայրական հիւրընկալութեան համար։ «Այս կառոյցը մեծապէս գնահատանքի եւ գովեստի արժանի է, որովհետեւ ամէն անգամ որ կը հիւրընկալուինք այստեղ, իսկապէս մեր տանը մէջ կը զգանք, ձեր լաւ եւյարգալիր ընդունելութեամբ» ըսաւ ան եւ իր խօսքը փակեց երկար կեանք եւ առողջութիւն մաղթելով եկեղեցւո յբոլոր պետերուն:

Շուրջ աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումէն ետք, վարժարան իհացատան մէջ ներկաները միասնաբար յիշատակի լուսանկար մը առին, ապա վարժարանի ժառանգաւորները անոնց ծանօթացուցին վարժարանին կից կանգնած Հայ կաթողիկէ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ հինգդարեայ պատմութիւնը:

Ժագ ՔԷշիշեան


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 08:20