Վանի եկեղեցին Վանի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին վաղը կը տօնէ բարեկենդան առաջաւորաց պահոցը:

Բարեկենդանը պահքի շրջանին նախորդող ուրախութեան օրն է:

 

Հայ եկեղեցւոյ համար Առաջաւորաց պահքին նախորդող կիրակին կը նշուի Առաջաւորաց պահքի Բարեկենդանը: Բարեկենդանը պահքի շրջանին նախորդող ուրախութեան օրն է: Ան մեզի կը յիշեցնէ այն իսկական երջանկութիւնը, որ Ադամն ու Եւան ապրեցան դրախտին մէջ` Աստուծոյ ներկայութեամբ: Հետեւաբար պահքը ճամբայ մըն է` ձգտելու այդ երջանկութեան եւ ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը: Առաջաւորաց հնգօրեայ պահքը կը նախորդէ Մեծ պահքին եւ յատուկ է միայն Հայ եկեղեցւոյ: Այս պահքը հայոց առաջին պահքն է, այդ պատճառով ալ կոչուած է Առաջաւորաց: Անիկա 11 շաբաթապահքերէն մէկն է, կը տեւէ հինգ օր` երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ` ներառեալ, Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ: Այս պահքի հինգերորդ` ուրբաթ օրը, պահոց օր ըլլալով հանդերձ, Յովնան մարգարէի յիշատակութեան օրն է` իբրեւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան օրինակի: Իսկ յաջորդ` շաբաթ օրը, Հայ եկեղեցին կը տօնէ Ս. Սարգիս Զօրավարի, անոր որդի Մարտիրոսին եւ տասնչորս զինուորներուն տօնը:

Դարեր շարունակ Առաջաւորաց պահքը ժողովուրդին կողմէ շփոթուած է Ս. Սարգիսի տօնին հետ եւ թիւրիմացաբար անուանուած` Ս. Սարգիսի պահք: Հայ եկեղեցւոյ հայրերը պարբերաբար բացատրութիւններ տուած են Առաջաւորաց պահքի մասին եւ մատնանշած են, որ այս երկու տօները անջատ տօներ են, իսկ սուրբերը պահեցողութեան օրեր չունին:

Առաջաւորաց պահքը կը տօնուի (կը պահուի) Ս. Զատիկի տօնի շարժականութեան համաձայն` Մեծ պահքէն երեք եւ Զատիկի տօնէն տասը շաբաթ առաջ, որ կը տեւէ հինգ օր: Այս տարուան տօնացոյցով պահքը կը սկսի 11 փետրուարին եւ կը տեւէ մինչեւ 15 փետրուար ինկած ժամանակահատուածին մէջ, 10 փետրուարին Բարեկենդանն է Առաջաւորաց պահքի, իսկ 16 փետրուարին կը զուգադիպի Ս. Սարգիսի տօնը:

Առաջաւորաց պահքի անուան սահմանում

Բազմաթիւ պատճառներ կան` անուանումը բացատրող: Նախ` ան կարգուեցաւ մարդը ստեղծուելէն առաջ, եւ պահեցին առաջին նախահայրերը, նաեւ անիկա ուսուցանուեցաւ գիրքերէն եւ օրէնքէն առաջ, այդ պատճառով Առաջաւորաց պահք կամ Առաջաւորք կը կոչուի: Երկրորդ պատճառը այդպէս կոչուելուն` Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած առաջին պահքի իրողութիւնն է: Հին ժամանակ պահք ըսելով` կը հասկնային մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն ընդհանրապէս ոչինչ կ՛ուտէին, կամ ալ կ՛ուտէին միայն բանջարեղէն: Հետագային բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագումով այլ կերակուրներ, ինչպէս նաեւ` մեղրը, եւ այլ տարբերակ մը ներմուծուեցաւ պահքի եւ ծոմի միջեւ` ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակ: Այսօր հաւատացեալի կամքին մնացած է Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը` ծո՞մ, թէ՞ սովորական պահք:

Ինչո՞ւ Առաջաւորաց պահքը հինգ օր կը տեւէ

Ադամը հինգ զգայարանքներով մեղանչեց: Հնգօրեայ պահքը մեր զգայարաններու սրբութեան համար է, որոնցմով մեղքը առաջին անգամ մտաւ մարդուն մէջ, եւ անոր յաջորդեց մահը: Ադամ իր աչքերով` տեսողութեան զգայարանով, տեսաւ ծառը եւ ցանկաց անոր վրայ գտնուող պտուղներուն, ականջով լսեց խաբողին ձայնը, որ իրեն հաճելի թուեցաւ, ապա ոտքերով գնաց դէպի ծառը, շօշափելիքով դպաւ պտուղին ու քաղեց զայն: Այնուհետեւ ռունգերով զգաց անուշահոտութիւնը, ճաշակելիքով` քաղցրութիւնը եւ դատապարտուեցաւ: Ըստ աւանդութեան, երբ Ադամը դրախտէն դուրս դրուեցաւ, հինգ օր պահք պահեց, ապա կերաւ երկրի պտուղներէն: Այսպէս, մենք հինգ զգայարաններով կը գործենք բոլոր մեղքերը եւ հնգօրեայ պահքով կը սրբենք մեր զգայարանները: Այս պահքը պահեցին նաեւ Ադամի որդիները: Նոյ տապան մտնելէ առաջ եւ ետք դարձեալ պահք պահեց, Աբրահամ հինգ օր պահք պահեց, երբ Աստուած իրեն խոստացաւ զաւակ տալ: Նինուէցիները, որոնք անդունդի եզրին էին, Յովնան մարգարէի քարոզութեամբ երեքօրեայ պահքով կործանումէ փրկուեցան:

Իսկ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երբ Խոր Վիրապէն ելաւ, վաթսունհինգ օր, գիշեր-ցերեկ, շարունակ քարոզեց, խրատեց, գօտեպնդեց Տրդատ թագաւորը` իմաստուն բժիշկի պէս ջանալով գտնել օգտակար դեղը, աղօթքով պատրաստեց հայ ժողովուրդը ու ապա սահմանեց հինգ օր սրբութեամբ ծոմապահութիւն կատարել` սրբելու համար հինգ զգայարանները, որմէ ետք բժշկեց ժողովուրդը: Ս. Սեղբեստրոս երբ մկրտեց Կոստանդիանոս կայսրը, հնգօրեայ պահք սահմանեց:
Առաջաւորաց պահքի ընթացքին Գիրքերու ընթերցում չի կատարուիր, եւ պատարագ չի մատուցուիր
Այս պահքը սահմանուած է նահապետներու կողմէ, որոնք Գիրքերէն, Օրէնքէն եւ Աւետարանէն առաջ կային: Անոնք այսպէս պահելով` արդարացան: Այս պահքը խորհրդաբար Ադամին անկումը կը խորհրդանշէ: Հետեւաբար մեր նախահայրերու յիշատակին համար, առանց ընթերցումներու եւ պատարագներու, այս պահեցողութիւնը կը կատարենք: Ինչ կը վերաբերի միւս բոլոր պահքներուն, ինչպէս` քառասնորդացը, շաբաթապահքերը, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերու պահքերը, ապա անոնք կը պահենք Հին եւ Նոր կտակարաններու ընթերցումներով, որովհետեւ անոնք հաստատուեցան այն ժամանակ, երբ արդէն կային օրէնքը եւ մարգարէներու ու առաքեալներու գործերը:
Առաջաւորաց պահքը ունի նաեւ իր նուիրական կերակուրը` փոխինդը կամ փոխինձը, որուն միջոցով կը լուծուի պահքը:
Ըստ հայ մատենագիրներու վկայութեան, Առաջաւորաց պահքը գոյութիւն ունեցած է նաեւ յոյներու եւ լատիններու մօտ:
Յովնան Մանդակունի հայրապետը կը յայտնէ, որ առաջին սուրբերը, երբ կ՛ուզէին Աստուծոյ մօտենալ, նախ պահքով կը մաքրուէին, ապա կը մօտենային Աստուծոյ:

 

Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2019, 08:51