Որոնել

Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացին եւ Ալ Քամիլ Սութլանը Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացին եւ Ալ Քամիլ Սութլանը 

Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին այցելութիւնը Եգիպտոս:

Ծիրանաւորը, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ պատուիրակ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ , Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիին եւ Սուլթանի միջեւ կայացած հանդիպումի 800 ամեակի առթիւ , Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 փետրուարին, սկիզբ առաւ, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրիին, Եգիպտոս կատարած այցելութեան յայտագիրը: Ծիրանաւորը, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ պատուիրակ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ , Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիին եւ Սուլթանի միջեւ կայացած հանդիպումի 800 ամեակի առթիւ, Եգիպտոսի մէջ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն:

Ունկնդրէ լուրը

Եգիպտոս այցելութեան առաջին օրը, Արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչը կ՝այցելէ Մինիա քաղաքին, Նիւ Մինիա եւ Շահին անուան եկեղեցիները ապա Բարի հովիւ անուան դպրոցը: Շահին անուան եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութենէն ետք, ծիրանաւորը կէսօրուան ճաշը կը կիսէ տեղւոյն կղերական դասի անդամներուն հետ:

Երեքշաբթի, 26 փետրուարին, Կարդինալը կ՝այցելէ Ասսիթութ քաղաքի մայր տաճարը, ապա թեմին գրասենեակները հուսկ հանդիպում կ՝ունենայ Տէր Տրոնքա միաբանութեան անդամներուն հետ անոնց հետ կիսելով կէսօրուան ճաշը, որուն նախատեսուած է նաեւ որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն քաղաքացիական իշխանութիւններուն կարգ մը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
Յետմիջօրէին, կարդինալ Սանտրի կը կատարէ Մեինեթ Նասեր եկեղեցւոյ առաջին քարի օրհնութիւնը ապա կը փոխադրուի Սահակ թեմի Մարեմեան սրբավայր, ուր կղերական դասի անդամներուն ներկայութեամբ կը մատուցէ սուրբ Պատարագ ապա կը կատարէ երեկոյեան ընթրիքը, տեղւոյն կղերական դասին անդամներուն հետ:

Չորեքշաբթի, 27 փետրուարին, Կարդինալ կ՝այցելէ Սոհակ թեմի կարգ մը գրասենեակները, հանդիպում կ՝ունենայ կղերական դասին անդամներուն հետ անոնց փոխանցելով իր պատգամը, որմէ ետք կը մեկնի Լուցոր քաղաք ուր յետմիջօրէին օրհնութիւն կը կատարէ թեմին նոր տաճարին կառուցման առաջին քարին:

Հինգշաբթի, 28 փետրուարին, արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչը կ՝այցելէ հրկիզուած Հակազա թեմի եկեղեցւոյ աւերակները , ապա տեղւոյ կղերականներուն հետ հանդիպելէ ետք կը մեկնի Գահիրէ:

Եգիպտոս կատարած այցելութեան երկրորդ հանգրուանին , Կարդինալ Սատնրի որպէս Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ պատուիրակ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացիին եւ Սութան Ալ Քամիլ Ալ Մալեքի միջեւ հանդիպումի 800 ամեակը առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն որոնց իրեն մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Փոքրիկ եղբայրներուն անուան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, Հայր ՄիշելՓեռին, Սուրբ երկրի եւՍիոն լերան պահակ հայր Ֆրանչեսքօ Փաթոն, եգիպտոսի մէջ Սուրբ Ընտանիք անուան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր հայր Քամալ Լապիպը:

Ուրբաթ մարտ մէկին, Կարդինալը կ՝այցելէ Մարիամի Անարատ սիրտ մայրապետներուն վանքը ուր՝ բացումը ու օրհնութիւն կը կատարէ վանքի նոր մատրան եւ երկու իքոններուն, որոնք կը պատկերացնեն « սուրբ ընտանիքը եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը Սութանի հետ հանդիպումը : Յետմիջօրէին, ծիրանաւորը Տամիեթթա քաղաքի կառավարիչի ընկերակցութեամբ ուխտագնացութիւն կը կատարէ դէպի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի վայրերը:

Շաբաթ 2 մարտին, Կարդինալը կ՝այցելէ Սուրբ Պիշօ անուան վանքը ուր հանդիպում կ՝ունենայ Ղպտի օրթոտոքս Թաւատրոս պատրիարքին հետ:

Կիրակի 3 մարտին, Գահիրէի Սուրբ Յովսէփ անուան եկեղեցւոյ մէջ կարդինալ Սանտրի կը նախագահէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ՝ Սուլթանին հետ հանդիպումին նուիրուած, Սուրբ Պատարագի արարողութեան :

Երկուշաբթի, մարտ 4-ին, նախ քան Հռոմ վերադառնալը ծիրանաւորը կը հանդիպի կաթողիկէ ղպտիներուն պատրիարք Սետրաք Իպրահիմին հետ, Գահիրէի մէջ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ ինչպէս նաեւ երբեմնի պատրիարք կարդինալ Անթոնիոս Նակիպին հետ, բոլորին փոխանցելով ֆրանչիսկոս Պապին ջերմ ողջոյններն ու օրհնութիւնները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2019, 12:43