Որոնել

Քաղդէացիներուն Պատրիարք Լուիս Ռահայել Սագօ Քաղդէացիներուն Պատրիարք Լուիս Ռահայել Սագօ 

Կարդինալ Ռաֆայել Սագօ «մէկ միլիոն Իրաքցի քրիստոնեաներ գաղթած են այլ երկիրներ»:

Կարդինալ Սագօ հաշուեկշիռ ներկայացուած է իրաքի մէջ Քաղդէացի եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան, անդրադառնալով շտապ նկատուող կարգ մը հարցերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջին տասնեակ տարիներուն աւելի քան մէկ միլիոն քրիստոնեաներ թողած են Իրաքը ՝այլ երկիներ գաղթելու համար : Այս մասին ըսած է Քաղդէացիներուն Պատրիարք Լուիս Ռահայել Սագօ, Պատրիարք ընտրուելուն, 6-րդ տարեդարձի առթիւ յղած պատգամին մէջ:

Կարդինալ Սագօ հաշուեկշիռ ներկայացուած է իրաքի մէջ Քաղդէացի եկեղեցւոյ ներկայ կացութեան, անդրադառնալով շտապ նկատուող կարգ մը հարցերուն :

Ան , իրաքի մէջ շտապ հարց նկատած է ՝ Մուսուլէն, Նինւէ շրջանէն, Քրիստոնեաներուն հեռացումին պատճառաւ հազարաւոր գաղթականներուն հովուական ծառայութիւն եւ նիւթական օժանդակութիւն ապահովուելու հարցը:

Պատրիարքը ապա ընդգծած է Իրաքի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ատելութեան արշաւները , ինչպէս նաեւ կարգ մը քրիստոնեայ դիւանագէտներուն, անձնական շահերու հետապնդման հարցը, անտեսելով Իրաքի մէջ քրիստոնեայ խաւի ընդհանուր բարիքը:

Իրաքի մէջ Քաղդէացի եկեղեցւոյ դրական երեւոյթներուն անդրադառնալով, Պատրիարքը նշած է Քաղդէացիներու Պատրիարքութեան տնտեսական համակարգի վերադասաւորումը , ծիսական ծիրէն ներս ծէսի վերատսեսումը, ի վերջոյ Սիւննիներու, Շիիներու, Եազիտներուն հետ միջկրօնական երկխօսութեան կոմիտէի մը ստեղծումը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2019, 08:32