Որոնել

Սուրբ Ղեւոնդ Երէց Սուրբ Ղեւոնդ Երէց 

Ղեւոնդեանք. Հայ Եկեղեցականութեան Պարծանք Ներշնչող Սուրբեր

Վարդանանց պատերազմի ընթացքին գործնական եւ իրական կազմակերպողն ու նահատակներու այս խումբի ամէնէն հեղինակաւոր անդամը եւ կրօնական դիմադրութեան առաջնորդն էր Ղեւոնդ Երէց:

Վարք Ղեւոնդ Երէցի

Վարդանանց պատերազմի ընթացքին գործնական եւ իրական կազմակերպողն ու նահատակներու այս խումբի ամէնէն հեղինակաւոր անդամը եւ կրօնական դիմադրութեան առաջնորդն էր Ղեւոնդ Երէց: Խումբին ամէնէն տարեցն էր, ան աւելի քան 70 տարեկան էր իր նահատակութեան ժամանակ: Ըստ Եղիշէի եւ Ղազար Փարպեցիի, ծնունդով Վանանդ գաւառի Իջավանք գիւղէն էր (այսօրուան Կարսի շրջան), բայց հաւանաբար պաշտօնի բերումով իր գործունէութեան շրջանը դրացի Բագրեւանդ գաւառն էր: Ղեւոնդը Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի առաջին աշակերտներէն էր, նոյնիսկ նկատուած է Ս. Սահակի աշակերտներէն գլխաւորը: Ան գործունեայ եւ կարող անձնաւորութիւն էր, խիզախութեան, նախանձախնդրութեան եւ արիութեան հոգիով լեցուն, եռանդուն եւ կորովի համարձակախօս եւ հռետոր, օժտուած առաջնորդելու առողջ ձիրքով: Ան մասնակցած է Շահապիւանի եկեղեցական ժողովին (444): Պարսից արքայ Յազկերտ Բ.ի օրով հայ եկեղեցւոյ եւ քրիստոնէութեան նկատմամբ ծաւալած հալածանքներու ժամանակ գլխաւորած է հաւատացեալ ժողովուրդի պայքարը զրադաշտ մոգերու ու մոգպետներու դէմ, իսկ Աւարայրի ճակատամարտի ընթացքին (451), միւս հաւատակիցներու ու գործակիցներու հետ, ոգեշնչած է հայոց զօրքը` արիաբար մարտնչելու հաւատքի թշնամիներուն դէմ եւ ատոր համար արժանացած է «Աւարայրի արծիւ» անունին:

Անգղի Մէջ Պարսկական Կրօնը Տարածելու Փորձ

Երբ մոգերը «եկան հասան Հայոց աշխարհը» եւ պարսկական սահմանին մօտ, Անգղ կոչուած գիւղին մէջ պարսկական կրօնը տարածելու ձեռնամուխ եղան եւ փորձեցին եկեղեցին ատրուշան դարձնել, այնտեղ էր Ղեւոնդ Երէցը, որ անցնելով դիմադրական շարժման գլուխը, փայտերով, քարերով ու գիւղատնտեսական գործիքներով «ջարդեցին մոգերուն եւ մոգապետերուն գլուխները»` զանոնք գիւղէն հեռացնելով: Անկէ ետք Ղեւոնդը դարձաւ Յովսէփ կաթողիկոսի անբաժան գործակիցը եւ գլխաւոր խորհրդատուն ամբողջ դիմադրողական շարժման ընթացքին: Օրմանեանը հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ Ղեւոնդի դերը այս շարժման մէջ. «Իր շնորհքի զարգացման եւ ատենաբանելու յաջողութեամբ միշտ գլխաւոր խօսողն էր թէ՛ Աւարայրի բանակին մէջ, թէ՛ Տիզբոնեան ատեանին առջեւ եւ թէ՛ Ռեւանի դատական հարցուփորձի ժամանակ: Իսկ «Լիակատար Վարք Սրբոց»-ին մէջ հետեւեալ բառերով կը մեծարեն եւ կը ներկայացնեն Ղեւոնդը. «Ս. Հոգիով լեցուած մարդ մըն էր, առատ եւ լուսաւոր վարդապետութեամբ, որով մեր աշխարհի քահանաներուն եւ նախարարներուն կը սպառազինէր, որպէսզի անոնք քաջութեամբ մարտնչին հաւատքի թշնամիներու դէմ եւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած սիրոյ համար իրենց անձերը աներկիւղ կերպով զոհեն: Անոր համար պարսիկները Ղեւոնդը կը նկատէին հայոց աշխարհին մէջ տեղի ունեցած դեպքերուն պատճառը եւ կ՛աշխատէին իրենց ամբողջ բարկութիւնը անոր վրայ թափել»: Եւ նոյն «Լիակատարը» կը պատմէ հետեւեալ դրուագը իր մասին. «Շատ տարիներ առաջ, Հայաստան աշխարհի խաղաղութեան օրերուն, երբ միասին էին մեծ վարդապետ Մեսրոպը, իր աշակերտ Կորիւնը եւ Արձանը, տեսան, որ Ղեւոնդի քնացած ժամանակ անոր շուրջը սաստիկ լոյս կը ճառագայթէր, որմէ վերոնշեալ երանելիները հասկցան, որ երանելի Ղեւոնդը հետագային նահատակութեամբ պէտք է կնքէ իր վախճանը»:


Աւարայրի Ճակատամարտին Յաջորդող Դէպքերը

Աւարայրի ճակատամարտէն ետք պարսիկները քահանայից դասն ու 37 հայ նախարարները տարած են Տիզբոն, մեղադրած են զիրենք իբրեւ «կրակասպաններու» եւ պատերազմի հրահրիչներ, բանտարկած են Նիւշապուհ քաղաքին մէջ, ապա աքսորի ճամբուն վրայ չարչարած են, որպէսզի ուրանան Յիսուս Քրիստոսը: Տեսնելով հայ քահանաներուն անյողդողդ հաւատքը եւ ստանալով վճռական մերժում` արքունի պաշտօնեայ Դենշապուհը հրամայած է գլխատել զանոնք, որոնց կարգին` Ղեւոնդ Երէց:

Ս. Եղիշէ պատմիչ կ՛ըսէ, որ Յովսէփ կաթողիկոսը, Ղեւոնդ Երէցը եւ միւս քահանաները եւս Աւարայրի դաշտ պատերազմի եկան, որովհետեւ ասիկա ոչ թէ մարմնական կռիւ կը նկատէին, այլ հոգեւոր առաքինութիւն: Պատմիչը կը հաղորդէ, որ երբ Ղեւոնդ Երէցը տեսաւ, որ չեն ուզեր առանձին-առանձին հարցաքննել եւ դատել զիրենք, այլ մէկ անգամէն սպաննելու հրաման եկած է, ան Յովսէփ կաթողիկոսին ըսաւ. «Առաջինը դուն մօտեցիր սուրին, որովհետեւ դուն աստիճանով բոլորէն բարձր ես»:

Ղեւոնդեանց Տօնին Նուիրուած Շարականներ

Ղեւոնդեանց յիշատակի համար ամբողջական կանոն կայ շարակնոցին մէջ: Յատկանշական եւ ընդարձակ է մանկունք շարականը, որուն իւրաքանչիւր տողը կը սկսի հայոց այբուբենի տառով մը` Ա-էն Ք-ն: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ շարականէն տուն մը:

Լուսաւորիչն ամենեցուն Ղեւոնդիէ Սուրբ վարդապետն,
խոհական մեծ Խորհրդով խրատեալ, լցոյց զաշակերտեալսն.
Ծաւալեալ զլոյս գիտութեան յոգիս արանց կատարելոց`
Կամաւոր յօժարութեամբ կատարեցան սիրով Փրկչին:
Լուսաւորիչը բոլորին Ղեւոնդիոս Ս. Վարդապետը
Խոհական մեծ խորհուրդով խրատեց-լեցուց զինուորներուն.
Ծաւալեց գիտութեան լոյսը նահատակուողներու հոգիներուն,
Կամաւոր յօժարութեամբ, Փրկչին սիրով նահատակուեցին:

Ղեւոնդեանց Տօնը` Հայ Քահանաներու Տօն

Հայ առաքելական եկեղեցին ամէն տարի արժանաւորապէս կը նշէ Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը եւ կը պատուէ հայ եկեղեցւոյ մէջ ծառայող բոլոր քահանայ հայրերը: Վարդանանցին նախորդող երեքշաբթի օր տեղի կ՛ունենայ յատուկ գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւն, որոնց ընթացքին կ՛երգեն տօնը խորհրդանշող գեղեցկահիւս շարականներ: Սրտագրաւ պատկեր է տեսնել քահանայից դասին սպասարկութիւնը Ս. պատարագի խորհուրդի տեւողութեան: Այդ օր յատուկ աղօթքով եւ հոգեհանգստեան պաշտօնով կը յիշուին բոլոր այն վախճանած քահանաները, որոնք հայ եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութեան եւ Աստուծոյ ծառայութեան վեհ կոչումին նուիրեալ մշակներ եղած են:

Այս տարի Ղեւոնդեանց տօնը կը զուգադիպի երեքշաբթի, 26 փետրուարին:

Ղեւոնդեանց սուրբերը հայ եկեղեցականութեան պարծանք սուրբերն են: Իրենց նահատակութեան մէջ կ՛արտացոլայ հայրենիքի եւ հաւատքի նուիրումին գաղափարը: Ասոր գաղտնիքը կը կայանայ իրենց ստացած դաստիարակութեան մէջ, որ արգասիքն է Սահակ-Մեսրոպեան դպրոցին: Այս դպրոցը ուսում ջամբելու եւ զարգացման կողքին նուիրումի մարդիկ կերտած է:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն: Պատրաստեց` ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2019, 08:20