Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ

Սիրոյ Նայուածքը՝ Խաղաղութեան Բանալին է։

Աչքերու խօսակցութեան սեփական փորձառութիւններ ունին մարդիկ: Սա բոլոր մակարդակներու վրայ կարելի է տեսնել: Ծնողներ մասնաւոր նայուածք մը կը նետեն իրենց զաւակներուն աչքին, երբ ուրիշներու ներկայութեան չարութիւններ կ’ընեն կամ իրենց անյարմար նիւթերու միջամուխ կ’ըլլան, տարօրինակ արտայայտութիւններ ունենալով:
Պաղատագին նայուածքներ ալ կան, որոնց յաճախ կրնաս հանդիպիլ յատկապէս արեւելեան աղքատ երկիրներու մէջ կամ երրորդ աշխարհեան շարք մը քաղաքներու հրապարակներուն վրայ, երբ պատանի մուրացիկներ խճողումի մէջ ինքնաշարժիդ ապակիին կը կպչին իրենց ափը բացած, նոյնիսկ փոքրիկ ակնկալութեամբ:
Այդ բոլոր տեսակի նայուածքներէն բացի կայ նաեւ նայուածքը սիրոյ, որուն հմայքին եւ ազդեցութեան մասին հատորներ գրի առնուած են հեղինակներու կողմէ, գրականութեան էջերը ծաղկազարդելով վիպերգութեամբ:
Բոլոր նման տեսակի վէպերու մէջ կը նկարագրուի աչքերու խօսակցութիւնը, երբ լեզուն տկար է արտայայտելու հոգիէն եկող ապրումը եւ մտքին մէջ կազմաւորուած գաղափարը սիրոյ: Իսկական սէրը սակայն, չի՛ կայանար միայն իրարու աչքերուն նայելուն մէջ: Զայն ապրելու համար չի՛ բաւեր միայն կարդալ դիմացինին աչքերու պաստառին վրայ գրուած գաղտնագիրը, ո՛չ ալ հեքիաթային թեւաւոր նժոյգով թռչելուն մէջ կը կայանայ անոր իսկական արժէքը: Իսկապէս սիրելուն մեծագոյն նշաններէն մին նո՛յն ուղղութեամբ նայելուն մէջ կը կայանայ: Ուր որ կը սեւեռէ իր աչքերը այն՝ զոր կը սիրես, դուն ալ հոն սեւեռէ նայուածքդ եւ պիտի զգաս այն մեծ փոփոխութիւնը, որուն ակնկալիքով լեցուն է այս աշխարհը:

Աշխարհը իր բնակչութեամբ սիրոյ պակասէն կը տառապի: Յատկապէս տօնական օրերուն, երբ բարեմաղթութիւններ կը փոխանակեն մարդիկ, անյապաղ կը յիշեն խաղաղութիւնը, կարծէք միայն տօնական օրերուն պէտքը զգացուէր անոր: Խաղաղութեան կարօտ է ամէն հոգի այս տիեզերքին մէջ: Բաղձացուած խաղաղութեան հաստատման համար սիրալիր կոչեր կ’ուղղուին աշխարհի ղեկավարներուն կողմէ: Շատ մը պետութիւններու, նոյնիսկ թշնամի գերպետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ իրարու քով կու գան, նոյն այս խաղաղութեան հաստատման համար եւ միացեալ յայտարարութիւններ կը ստորագրեն, «սէր» տարածելու համար: Սակայն ի զուր:
Եւ հարց կու տամ յաճախ, թէ ինչո՞ւ չեն յաջողիր սէր ու խաղաղութիւն հաստատել այս իրարու աչքերուն նայող եւ թղթակիցներու նկարչական ոսպնեակներուն դիմաց այնքա՜ն երկարօրէն ձեռք թօթուող անձնաւորութիւնները…:
Պատասխանը շատ պարզ է: Որովհետեւ միայն իրարու աչքերուն կը նային անոնք, սակայն նոյն ուղղութեան չեն ուղղեր իրենց նայուածքը…:

Միասին պիտի նայինք նո՛յն ուղղութեամբ: Այս է խոստումը, զոր իրարու պէտք է տան զիրար սիրող անձեր: Ըլլան անոնք կեանքի ընկերներ թէ բարեկամներ, ըլլան անոնք ազգեր ու ժողովուրդներ, ըլլան հոգեւոր թէ քաղաքական ղեկավարութիւն ստանձնած սպասաւորները մարդկութեան: Այդ նայուածքին ուղղութիւնը սլաքուած պէտք է ըլլայ բոլորը՝ աշխարհը ու մարդկութիւնը շահագրգռող նպատակակէտերու: Այդ նպատակակէտերուն առաջինը սէրն է, իսկ երկրորդը՝ խաղաղութիւնը:
Իրարու աչքերուն նայելէ առաջ, պէտք է նո՛յն ուղղութեան յառենք մեր նայուածքները, հոն՝ գուցէ հեռուն, տեսնելու համար ամէնուն կողմէ բաղձացուած սիրոյ դղեակը, որուն դուռներուն ճռնչագին բացումով, աշխարհը պիտի ողողուի խաղաղութեամբ ու երջանկութեամբ…:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2019, 08:25