Վանի եկեղեցին Վանի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Ներսդ ու դուրսդ գիտեմ:

՝՝Ներսդ ու դուրսդ գիտեմ՝՝ նախադասութիւնը կը գործածուի շատ յաճախ անձ մը լաւապէս ճանչցած ըլլալու իմաստով, որ շատ լուրջ ու խորունկ իմաստն է այդ պարզ խօսքին:
Յաճախ կ’ըսուի նաեւ, որ դէմքը հայելին է մարդու հոգիին:
Որոշ ճշմարտութիւն մը կայ այս խօսքին մէջ, սակայն ո՛չ բացարձակ: Որովհետեւ տգեղ մարդիկ ալ կան երբեմն, որոնք ազնիւ ու բիւրեղ հոգիով անձեր են: Կամ հակառակը՝ շատ գեղադէմ անձեր ալ կան երբեմն, որոնք սակայն չար ու սեւ սիրտ մը կը կրեն իրենց կուրծքին տակ: Ուրիշներ տարբեր բացատրութեամբ մը աչքերը կը ներկայացնեն իբրեւ խօսող ազդակ մարդու ներաշխարհին: Ինչ ալ ըլլան պարագաները, եզրակացութիւնը կրնայ ըլլալ այն, որ մարդոց տեսակը շատ է, ինչպէս կ’ըսուի յաճախ, եւ պէտք չէ՛ անպայման արտաքինէն դատել մեզի ներկայացող անձ մը: Ամէնէն մեծ դժբախտութիւնը այն է, երբ մարդ հոգեպէս ու ֆիզիքապէս տգեղ կ’ըլլայ: Սա արդէն դժուար պարագայ կը նկատուի, եւ վա՜յ այն մարդուն, որուն հոգին գէթ չ’օգներ իրեն, ֆիզիքական՝ դիմագծային իր տգեղութեան դիմաց առաքինութեանց վարագոյրը ծածկելու:

՝՝Ներսդ ու դուրսդ գիտեմ՝՝ նախադասութիւնը իր հաճոյախօսական սահմանէն մասա՛մբ միայն անդին կ’անցնի: Եթէ մարդու ֆիզիքականին համար որոշ տեղ կարելի է ըսել ՝՝ներսդ ու դուրսդ գիտեմ՝՝ ապա անոր հոգեկան աշխարհի ներքին ծալքերուն համար անկարելի է ատիկա: Տակաւին, անոր ՝՝դուրսին՝՝ ֆիզիքականին համար նոյնիսկ ամբողջութեամբ կարելի չէ ըսել, թէ գիտենք, որովհետեւ իր մարմնին վրայ կրնայ պահած ըլլալ այնպիսի հետքեր, որոնք հագուստին տակ ծածկուած ըլլալով, մեզի ծանօթ կրնան չըլլալ: Իսկ ինչքան աւելի իրաւ է ուրեմն ըսել, թէ անկարելի է մարդու ներսիդին՝ անոր հոգեկան աշխարհի ներքին երեսներուն խորքը թափանցելը այնքան հեշտութեամբ: Հոգեբանական գիտութեան մէջ որոշ փորձառութիւն ունեցող մասնագէտներ նոյնիսկ կը խոստովանին, թէ ամէնէն թանձր վարագոյրը մարդուն հոգեկան աշխարհին շուրջ քաշուած է, որուն միւս կողմը դիտելու համար անպայման կարիք պիտի ունենաս տուեալ անձին օժանդակութեան:
Մենք որպէս հաւատացեալ ու հաւատաւոր անձեր մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը՝ հաւատքը, մեր հայրերու մեկնաբանական ամբողջ գրական ժառանագութիւնը, ծիսական արարողակարգը լաւապէս ճանչնանք, որպէսզի կարենանք գառնուկի մորթով գայլերու ներսը ճանչնալ եւ ջրել անոնց խելապատիկէն դուրս եկած այլանդակ մտածումները: Քրիստոնեան նաեւ ունի պարտականութիւնը, քաջաբար յայտարարելու վտանգաւոր անձերուն ինքնութիւնը, փրկելու համար Քրիստոսի Բանաւոր Հօտը:

Քրիստոնէութիւն եւ տկարութիւն իրարու հակադիր գաղափարներ են: Բացէ՛ք քրիստոնէական առաջին դարերու պատմութեան էջերը եւ կարդացէ՛ք սուրբերուն կրած նեղութիւնները: Անոնցմէ ո՛չ մէկը տանջուած, տառապած ու նահատակուած պիտի ըլլար, եթէ տկար գտնուէր իր քրիստոնէական հաւատքի յայտարարութեան պահուն: Տկարութիւն բառը քրիստոնէութեան բառարանէն դուրս կը մնայ, երբ շրջապատուած ենք այսքան վկաներու բազմութեամբ, ինչպէս կ’ըսէ առաքեալը (հմմտ. Եբր. 12.1):
Ճիշդ է, մարդուն ՝՝ներսն ու դուրսը՝՝ միայն Աստուած կրնայ ճանչնալ, սակայն իր Եկեղեցւոյ հաւատարիմ անձերուն նաեւ Աստուած կը յայտնէ վերահաս վտանգները: Ան իր Աստուածային նախախնամութեամբ կը թոյլատրէ նոյնիսկ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ձեռքով յայտնաբերուին այդ գայլերը, որոնք Քրիստոսի բանաւոր հօտը օձտելու (քայքայելու) կը միտին: Յայտնաբերել չի՛ բաւեր միայն, այլ պէտք է զանոնք պախարակել բոլորին դիմաց: Որովհետեւ անոնց հիմնական նպատակն է Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու խումբը քայքայել, անոնց մէջէն ընտրելով միամիտներ, օգտագործելու համար զանոնք Եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին դէմ հաւասարապէս:

Ինչ որ բաժանում կը յառաջացնէ տուեալ հաւաքականութեան մէջ, չար կրնայ ըլլալ միայն:
Աղօթքը ամէնէն զօրաւոր միջոցն է ճանչնալու այդպիսի աղուէսներուն ՝՝ներսն ու դուրսը՝՝ եւ կասեցնելու անոնց քանդիչ յառաջխաղացքը, ի շահ Քրիստոսի հիմնած Սուրբ Եկեղեցիին:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2019, 08:49