Աղթամարի հայ եկեղեցին: Աղթամարի հայ եկեղեցին: 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Ապերախտը ձեռքդ կը խածնէ:

Ապերախտութեան ինչ ըլլալը բացատրելու համար հազարումէկ օրինակներ տրուած են մինչեւ հիմա, տարբեր բարոյագէտներու կողմէ, որոնք իրարմէ տարբեր ժամանակներու մէջ ապրած ըլլալով, նոյն նիւթին մասին զարմանալիօրէն բարձրաձայնած են միեւնոյն ուժգնութեամբ: Վստահ ենք, որ յառաջիկային եւս շա՜տ օրինակներ պիտի տրուին այս տխուր երեւոյթին մասին, տարբեր նախադասութիւններով բայց միեւնոյն ափսոսանքով: Օրինակներ, որոնք երբեմն քաղուած են կենդանական աշխարհէն եւ երբեմն ալ ուղղակի մարդկային ընկերութեան առօրեայ կեանքէն:
Արդար եւ իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ուրիշներուն օգտակար հանդիսացած մարդիկ խոր ցաւ կը զգան յաճախ, երբ իրենց իսկ ձեռքերով քաղեն ապերախտութեան դառնահամ պտուղները: Վերոյիշեալ մարդոց ամէնէն խղճալի տեսակը այն ծնողներն են բնականաբար, որոնք երախտագիտութեան հականիշը կը շօշափեն իրենց առօրեայ կեանքին ընթացքին կամ ակամայ կ՛ըմպեն իրենց զաւակներուն ձեռքով մատուցուած ապերախտութեան դառն բաժակը:
Երախտագիտութեան բարոյական երեսը կը մեկնաբանուի համեստութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ, քեզի ընծայուած առիթի մը, կամ տրուած շնորհքի մը նկատմամբ: Թերեւս եթէ այդ առիթը տրուած չըլլար կամ այդ շնորհքին արժանացած չըլլայիր, կեանքդ այլ հունաւորում ունենար: Ուրեմն, հիմնական այն փոփոխութիւնը, որ տեղի ունեցած է կեանքիդ ընթացքին, որուն հետեւանքով դրական շեշտ կամ գունաւորում ստացած է կեանքդ, կը պարտիս այդ փոփոխութեան, որ ունի իր պատճառը: Պատճառին նկատմամբ երախտագիտութիւնը աւելորդ չէ՛, ո՛չ ալ կը նուազեցնէ ներկայի փառքդ, որուն մէջ կ՛ապրիս շնորհիւ այդ պատճառին: Ուրեմն, այն համեստութիւնը, զոր կը զգաս վերոյիշեալ իրողութեան գիտակցութեամբ, քեզ բնականօրէն պէտք է մղէ երախտագէտ ըլլալու:

Երախտագիտութեան երեւոյթին աստուածաբանական խորքը, մարդ-Աստուած յարաբերութեան հորիզոնին վրայ կը դիտուի: Այն բոլոր բարիքները, զորս մարդ կը վայելէ այս կեանքին մէջ, սկսեալ իրեն պարգեւուած կեանքէն, Աստուծոյ կը պարտի:
Սակայն մարդկութեան քանի՞ տոկոսը առօրեայ դրութեամբ կ՛անդրադառնայ այս մեծ շնորհքին: Ամէն օր ծագող արեւը յիշեցում մը չէ՞ արդեօք այդ բարիքներուն մասին: Երախտագիտութեան պակասը, չըսելու համար ՝՝ապերախտութիւնը Աստուծոյ հանդէպ՝՝ այս կամ այն չափով, ամէնօրեայ դրութեամբ կը կիրարկէ մարդ էակը, հանդէպ իր Արարչին:
Երախտագիտութիւն բառին հականիշը ապերախտութիւնն է: Երեւոյթ՝ զոր բացատրելու ինչքա՜ն պատկերներ նկարուած են պատմութեան ընթացքին կամ կենդանական աշխարհէն որքա՜ն օրինակներ վերցուած են առակագիրներու կողմէ:
Արաբական առածը կ՛ըսէ. «Եթէ ընկերդ մեղր ալ ըլլայ, ամբողջը լիզելով մի՛ վերջացներ»: Նոյնիսկ եթէ երախտապարտ ես քեզի բարիք գործող անձին հանդէպ, դարձեալ, քաղած օգուտդ շահագործման մի՛ տանիր: Կաթսային տակը քերելու եւ քերուկները կրծելով ծամելու պէտք չունիս, եթէ արդէն ճաշը փառաւորապէս կերած ես ու կշտացած:

Առհասարակ իրենց իմացական եւ նիւթական կարողութենէն ուրիշներուն օգտակար եղող կամ բաժին հանող անձեր, յառաջատուական ընթացքով կը կատարեն իրենց բարեգործութիւնը: Այսինքն՝ մեղրը կաթիլ-կաթիլ կու տան, որպէսզի զայն ուտողը «չհիւանդանայ»: Նոյնիսկ եթէ պարզապէս մէկուն խելք տալով ուղղութիւն ուզես տալ իր ապագայ կեանքին համար, խրատներդ կամ ցուցումներդ մէկ անգամէն մի տար, որովհետեւ կրնայ ըլլալ քեզի մտիկ ընողը շուարի եւ աւելի կործանման առաջնորդուի, քան թէ ուղիղ ճամբու: Նոյնն է նաեւ նիւթական օժանդակութեան պարագային: Աղքատին երբ հսկայ գումար նուիրես, չի՛ կրնար կողմնորոշուիլ եւ շատ հաւանաբար յում պէտս վատնէ նուիրած գումարդ: Ուրեմն մեղրը կաթիլ առ կաթիլ հրամցնելուն մէջ, կայ նաեւ զայն արժեւորելու երեսը: Վերջապէս «մեղր»ն ալ արժէք ունի եւ պէտք չէ՛ զայն փճացնել, աջ ու ձախ պատերուն քսելով:
Ապերախտութեան գերագոյն աստիճանը, մոռացութենէ աւելի, բարեգործին վնաս հասցնելուն մէջ է: Ապերախտ բառին հոմանիշներէն մէկն է երախտամոռ բառը, որ ճշգրիտ բացատրութիւնը կու տայ վերոյիշեալ մոռացութեան գաղափարին:
Ան որ բարիք գործած մարդուն կը վնասէ կը նմանի «Կերած պնակին մէջ թքող» մարդուն:
Իր կատարած բարիքին դիմաց ապերախտութիւն տեսած անձ մը, կ՛ըսէր. «Մինչեւ ուսդ ալ մեղրի մէջ թաթխես ու հրամցնես, լիզած ատեն ձեռքդ պիտի խածնէ…»: Բարիք կատարող ձեռքին նկատմամբ չարիք գործելու մտածումն իսկ դատապարտելի է, ալ ուր մնաց այդ մտածումը ատամներով գործնականացնելը:

Ապերախտը նաեւ ապաշնորհ մարդ է: Քրիստոնէական հասկացութեամբ, աստուածապարգեւ շնորհքները կը ստանանք սուրբ մկրտութեան յաջորդող՝ սուրբ միւռոնով դրոշմուելու պահուն: Ժողովրդային ասացուածքը սակայն կ՛ըսէ, որ ապաշնորհ մարդը միւռոնի կաթսային մէջ ալ մխրճես ու դուրս բերես, դարձեալ չ՛ընդունիր երկնատուր շնորհքները:
Ապաշնորհութիւնը, ապերախտութեան ու երախտամոռութեան հոմանիշ իբրեւ պէտք է արձանագրել բարոյագիտական բառարաններուն մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 08:28