Յիսուսի Մկրտութեան սրբապատկեր Յիսուսի Մկրտութեան սրբապատկեր 

Ծիսական գիտելիքներ Բարեկենդան Առաջաւորի ( 10-17 Փետրուար 2019)

Առաջաւորաց պահքը պահեցողութեան պատրաստութիւն մըն է Մեծ Պահքին. Կը կոչուի նաեւ Ս. Սարգիսի Պահք:

Մեզի խորթ կը թուի այս անուանումը ՙԱռաջաւորաց Բարեկենդանՙ, զոր յաճախ նաեւ շատ մեծ դժուարութեամբ կը թարգմանենք օտար լեզուներու։ Նախ բացատրենք թէ ի՞նչ է Առաջաւորը, եւ ապա կը խօսինք Բարեկենդանի մասին։
Հայ ծէսի մէջ գոյութիւն ունի պահքի շրջան մը որ կը կոչուի Առաջաւորաց Պահք, եւ որ մեզ կը պատրաստէ Քառասնորդաց շրջանի Մեծ Պահքին։ Այս պահքը կը տեւէ միայն մէկ շաբաթ, կամ աւելի ճիշտ` 5 օր։ Իսկ բարեկենդանը` պահքի նախօրեակի ուտիքն է, այսինքն տնօրինուած կերուխումը։ Առաջաւորաց պահքը պահեցողութեան պատրաստութիւն մըն է Մեծ Պահքին. Կը կոչուի նաեւ Ս. Սարգիսի Պահք, որովհետեւ համանուն սուրբին շատ ժողովրդական տօնը կը տօնուի շաբթուայ վերջաւորութեան:

Շատ մը տիկիններ եւ օրիորդներ մեծ երկիւղածութեամբ, տակաւին մինչեւ այսօր կը բռնեն այս պահքի եւ ծոմի օրերը, յուսալով որ Ս. Սարգիսը պիտի կատարէ իրենց խնդրանքները։
Կիրակի օրուան աւետարանը կը ներկայացնէ Յիսուսը որ կը քալէ ծովուն վրայէն, ինչ որ կը խրտչեցնէ առաջին մէկ վայրկեանին առաքեալները, սակայն երբ կ՛անդրադառնան որ իրենց տէրն ու վարդապետն է, մանաւանդ երբ կը հանդարտեցնէ խռոված ու ալեկոծ ծովը, իրենց սքանչացումը եւ ուրախութիւնը անսահման կ՛ըլլայ։
Երկուշաբթիէն Ուրբաթ Պահքի օրեր են, Ս. Պատարագի ընթացքին կը կարդացուին յատկապէս Ս. Յակոբի ընթերցուածը, որ կը խօսի պահեցողութեան մասին, եւ Մատթէոսի աւետարանին 8-րդ գլուխը։

Շաբաթ 16 Փետրուարին` տօնն է Սուրբ Սարգիսի. Այս Սուրբը շատ ժողովրդական է Հայերու մօտ, թէեւ ազգով յոյն էր։ Ան Բիւզանդական բանակին մէջ կը ծառայէր որպէս զօրավար. Դժբախտութիւնն ունեցաւ որպէս կայսր ունենալու Յուլիանոս Ուրացողը։ Սարգիս չկարենալով հանդուրժել այս մեծագոյն դաւաճանութիւնը Յիսուս-Քրիստոսի, մեր ճշմարիտ Տիրոջ եւ Աստուծոյն հանդէպ, թողուց Բիւզանդիոնը եւ ապաստանեցաւ Հայաստան, ուր սակայն կ՛իշխէր նոյնպէս անօրէն թագաւոր մը` Տիրան, որ սպաննել տուած էր Յուսիկ սուրբ հայրապետը։ Հոնկէ Սարգիս, իր որդւոյն` Մարտիրոսի հետ, մեկնեցաւ Պարսիկներու մօտ, ուր թագաւորը մեծ հիւրասիրութեամբ ընդունեցաւ զինք եւ պաշտօն տուաւ իր բանակին մէջ. Սակայն երբ ան սկսաւ քարոզել քրիստոնէութիւնը եւ դարձի բերել պարսիկ զինուորները, զինք գլխատել տուաւ, իր որդւոյն եւ 14 քրիստոնեայ դարձած պարսիկ զինուրներու հետ միատեղ, 363 թուին։
Կիրակի 17 Փետրուարը՝ Ա. Կիրակին է զկնի Առաջաւորի։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2019, 09:00