Որոնել

Մեքսիքոյի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Թրամփին ուզած պատը Մեքսիքոյի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Թրամփին ուզած պատը 

Մեքսիքայի եւ ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսները Թրամփին. Կամուրջներ կառուցել եւ ոչ թէ պատեր։

«Խորապէս մտահոգուած ենք Նախագահին արարքներուն համար» գրած են եպիսկոպոսները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մեքսիկացի եպիսկոպոսները՝ գաղթականութեան հայող գումարած իրենց ազգային վեհաժողովին աւարտին, որ տեղի ունեցաւ անցեալ 15 եւ 16 փետրուարին Մեքսիքօ քաղաքին մէջ, հրապարակեցին յայտարարութիւն մը որուն մէջ որդեգրեցին ԱՄՆ-ի եպիսկոպոսներուն մտահոգութիւններն ու կոչը ի տես Նախագահ Թրամփին՝ Միացեալ Նահանգներու ու Մեքսիքոյի սահմանը բաժնող պատ կառուցելու կամքին։

«Խորապէս մտահոգուած ենք Նախագահին արարքներուն համար» գրած են եպիսկոպոսները իրենց հակառակութիւնը արտայայտելով պատի կառուցումին։ «Պատը բաժանումի ու հակառակութեան խորհրդանիշ է երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ ու մենք հաստատ ամրագրուած կը մնանք Ֆրանչիսկոս Պապին տեսլականին՝ այն է թէ այս պահուս մենք կարիքն ունինք կամուրջներ կառուցելու եւ ոչ թէ պատեր» գրած են եպիսկոպոսները որոնք ապա մատնանշած են Քահանայապետին այս ուղղութեամբ արտայայտած յորդորին՝ որ ներփակուած է չորս բայերու մէջ՝ «հիւրընկալել,պաշտպանել, խթանել եւ ընդելուզել»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 09:57