Որոնել

Անթիլիասի մայրավանքը Անթիլիասի մայրավանքը 

Երիտասարդական խորհրդաժողով` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Հաւաքը կը միտի գործնական քայլերու վերածել երիտասարդը հաւաքական կեանքին մէջ ներառելու ու անոր առանցքային տեղ տալու առումով երիտասարդներու կողմէ եկած առաջարկները:

Անցեալ շաբաթավերջին, 16 եւ 17 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանք հաւաքուած էին սփիւռքի զանազան երկիրներէ եկած երիտասարդներ, որոնք գումարեցին հինգ նիստերէ բաղկացած խորհրդաժողով մը` արծարծելով երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական խնդիրներ ու քննարկելով զանոնք դիմագրաւելու գործնական միջոցները:
Խորհրդաժողովին ատենապետեց Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, իսկ զայն վարեցին Պետրոս վրդ. Մանուէլեանն ու Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը:

Բացման նիստին իր պատգամը ուղղեց վեհափառ հայրապետը: Ան նախ եւ առաջ բարի գալուստ մաղթեց Հիւսիսային Ամերիկայէն, Եւրոպայէն, Միջին Արեւելքէն եւ Հայաստանէն Անթիլիաս եկած երիտասարդներուն` ընդգծելով բոլոր բնագաւառներուն մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործօն ներկայութիւնն ու գործնական ձեռնարկութիւնները: Ան դիտել տուաւ, որ այս հաւաքը կը միտի գործնական քայլերու վերածել երիտասարդը հաւաքական կեանքին մէջ ներառելու ու անոր առանցքային տեղ տալու առումով երիտասարդներու կողմէ եկած առաջարկները: «Երբ շուրջս կը նայիմ, կը տեսնեմ երիտասարդներ, սակայն ոչ մայր էջին վրայ: Անոնք երբեմն հեռացած են, իսկ երբեմն ալ անտեսուած` մեր շրջանակներէն, ու այս պատճառով ալ յաճախ դժուարութիւն կը գտնեն դրսեւորելու իրենց ինքնութիւնը», ըսաւ վեհափառ հայրապետը` կարեւոր նկատելով անոնց նախաձեռնողի եւ ոչ հակազդողի դիրքի վրայ ըլլալը: Առ այդ, վեհափառ հայրապետը իր պատգամին մէջ լայն տեղ տուաւ առցանց աշխարհին եւ անոր հետեւանքներուն: Ան նշեց, որ առցանց աշխարհին վրայ ստեղծուած յարաբերութիւններէն յառաջացած համացանցային ընկերութիւնը ունի իր արժէքներու համակարգը, սակայն պէտք է անգամ մը մտածել, թէ հայ երիտասարդը, որ կը պատկանի տուեալ առցանց ընկերութեան, ի՛նչ հայկական ինքնութիւն կը դրսեւորէ, ի՛նչ տեսլական ու նպատակ կը հետապնդէ, որպէսզի աւելի կազմակերպուած ըլլայ ու կարենայ թէ՛ օգտուիլ անկէ եւ թէ՛ ալ օգտակար ըլլալ հայութեան: Այս իմաստով ան լուսարձակի ակ առաւ պատասխանատու կեցուածք ունեցող ու պարտաւորութիւններ ստանձնող երիտասարդ մարդուժի անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի չկլանուի համացանցի ժխտական ազդեցութիւններէն:

Նիստի աւարտին, երիտասարդները փոխանակեցին իրենց միտքերն ու մտահոգութիւնները:
Յաջորդող նիստերուն ընթացքին, խորհրդաժողովը քննեց հայ երիտասարդները առցանց հարթակի մը վրայ խմբելու կարելիութիւններն ու անկէ բխած հարցերն ու լուծումները:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 07:58