Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկ Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկ 

Սուրիացի ընտանիքներ իրենց տուները վերադարձան շնորհիւ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկին։

Իրականութիւն դարձած երազ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկին շնորհիւ Սուրիոյ Լաթաքիոյ շրջանին մէջ՝ 2012-ին պատերազմի բերումով քանդուած 55 բնակարաններ վերակառուցուած են ու դարձեալ տրամադրուած այդ շրջանի մէջ ապրող ընտանիքներուն։ Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն բարեսիրական հաստատութիւնը, նշելով որ տեղւոյն Յոյն Մելքիթ եպիսկոպոս գերապայծառ ՍաուաՖ  այս ուղղութեամբ հաստատած է թէ այս մէկը «իրականութիւն դարձած երազ մըն է»։

Ան արդարեւ բնակարաններու յանձնման արարողութեան ընթացքին ամէն մէկ ընտանիքին յանձնած է նաեւ օրհնեալ ջուրով սրուակ մը ու «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հիմնարկին նշանաբանը կրող քար մը որուն վրայ արձանագրուած է հետեւել գրութիւնը «Յիսուս իմ ժայռս է»։

Քահանայապետական հիմնարկը բացի բնակարաններու վերակառուցողական աշխատանքերէն սատարած է նաեւ՝ 900 տարուայ Սէնդ Մէրի եկեղեցւոյ վերշինութեան։

«Այժմ անհրաժեշտ է վերակառուցել քրիստոնեաներու վստահութիւնը՝ որոնք դաւաճանուեցան իրենց յարակից մահմետական դրացիներուն կողմէ» ըսած է միշտ գերապայծառ  ՍաուաՖ հրաւիրելով սակայն հեռու մնալու ատելութեան զգացումներէն ու հետեւելու Աւետարանի ողորմութեան ու ներումի ուսուցումին»։

«Մենք քրիստոնեաներս ունինք յատուկ առաքելութիւն մը ՝սիրոյ, կարեկցութեան եւ հաշտութեան ուղղութեամբ» ըսած է գերապայծառ Սաուաֆ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2019, 11:40