Որոնել

Անթիլիասի մայրավանք Անթիլիասի մայրավանք 

Քրիստոնէական միութեան աղօթքի շաբթուան փակում` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Լիբանանի մէջ եւս ներկայ շաբթուան ընթացքին տարբեր եկեղեցիներու մէջ տեղի կ՛ունենան եկեղեցական արարողութիւններ:

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը նուիրուի քրիստոնէական միութեան` «Աղօթքի շաբաթ քրիստոնէական միութեան» անունին տակ: Այս շաբթուան ընթացքին, ընդհանրապէս առօրեայ դրութեամբ, աշխարհի բոլոր կողմերը եւ զանազան եկեղեցիներու մէջ յատուկ եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՛ունենան` աղօթքներու, մաղթանքներու, շարականներու ու քարոզներու ճամբով լուսարձակի տակ բերելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:
Լիբանանի մէջ եւս ներկայ շաբթուան ընթացքին տարբեր եկեղեցիներու մէջ տեղի կ՛ունենան եկեղեցական արարողութիւններ: Այս ծիրին մէջ, Աղօթքի շաբթուան փակումը տեղի պիտի ունենայ Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ քրիստոնեայ համայնքներու պետերու:
Փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 27 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն` իրենց ներկայութեամբ մասնակից դառնալու եկեղեցիներու միութեան նուիրուած արարողութեան:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2019, 08:55