ԵՀՕ Փանամայի մէջ Սուրբ Պատարագ ԵՀՕ Փանամայի մէջ Սուրբ Պատարագ 

2022 ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ։ Փորթուկալի կաթողիկէ եկեղեցին թիւերով։

Յաջորդ համաշխարհային երիտասարդներու հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Լիզպոնի մէջ ՝ 2022 թուականին: Փորթուկալի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 27 յունուար 2019-ին, Փանամային մէջ կայացած երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի աւարտին յայտարարուեցաւ որ երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքը տեղի պիտի ունենայ փորթուկալի մէջ՝ յառաջիկայ՝ 2022 թուականին։

Այս առթիւ կը ներկայացնենք Փորթուկալի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:

Փորթուկալի բնակչութեան թիւն է 10,349,000, որուն մեծամասնութիւնը 88,7 տոկոսը Կաթողիկէ են:

Կաթողիկէ եկեղեցին բաժնուած է 21 եկեղեցական տարածքներու: Ունի 4424 ժողովրդապետութիւններ, 2293 հովուական ծառայութեան կեդրոններ՝ որոնց մէջ կը գործեն 46 եպիսկոպոսներ, 2524 թեմական քահանաներ, 907 կրօնաւորներ, 360 մնայուն սարկաւագներ, 237 ոչ կրօնաւորներ, 4603 մայրապետներ, 5145 աշխարհական միսիոնարներ, 58962 կրօնուսոյցներ եւ 551 նորընծաներ:

Կաթողիկէ եկեղեցին կը մատակարարէ 2467 դաստիրակչական կեդրոններ, ընկերային ու բարեսիրական կառոյցներ:

Փորթուկալի մէջ աւետարանի քարոզչութիւնը սկսած է 2 դարուն ՝Հռոմէական կայսրութեան ժամանակ: 1536 թուականին , Պօղոս Գ Ֆարնեզէ Պապին օրով, Յիսուսեան միաբանութեան կղերականներուն բարեփոխումներուն շնորհիւ կաթողիկէ եկեղեցին մեծ նուաճումներ արձանգրած է :
Փորթուկալը ապա ճանչցուած է Տիրամօր երեւումներու համար որոնք սկիզբ առած են Ֆաթիմայի մէջ 13 մայիս 1917-ին։

Փորթուկալ այցելած Քահանայապետերուն շարքին կը գտնենք 13 մային 1967-ին, Սուրբ Պօղոս Զ պապը ՝Ֆաթիմային Տիրամօր երեք փոքրիկ հովիւներուն երեւման 50 ամեակի առթիւ:

Ապա 12-15 մայիս 1982-ին, Փորթուկալ այցելած է, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ իրեն դէմ կատարուած մահափորձէն մէկ տարի ետք:

Ան ապա 1991-ի մայիս 10-13, երկրորդ անգամուան համար այցելած է Փորթուկալ ու 12,13 Մային 2000-ին, Փորթուկալի Ֆաթիմայ Տիրամօր սրբավայրին մէջ երանելի հռչակած է Տիրամօր երեւումներու արժանացած ֆաթիմայի երեք հովիւները:

11- 14 մայիս 2010-ին Ֆաթիմայի երեք հովիւներուն երանացման 10-րդ տարեդարձին առթիւ. Պենետիկոս ԺԶ վաստակաւոր Պապ կ՝այցելէ Փորութուկալ: Մինչ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Ֆաթիմայի սրբավայրին ուխտագնացութիւն կը կատարէ 12- 13 մային 2018-ին Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներուն 100 ամեակի առթիւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 16:13