Փանամայի ԵՀՕ  Փանամայի ԵՀՕ  

«Երիտասարդներ եւ հասարակաց Տունը. բնապահպանական դարձը գործողութեան մէջ» բնաբանով Փանամայի մէջ խորհրդաժողով։

Սոյն հաւաքը արարչութեան պահպանումին հայող իր տեսակին մէջ երրորդն է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 19 Յունուար 2019-ի առաւօտեան 8.30-ին, Փանամայի Կաթողիկէ համալսարանին մէջ նախատեսուած է յատուկ հանդիպում««Երիտասարդներ եւ հասարակաց Տունը.  բնապահպանական դարձը գործողութեան մէջ» նիւթին մասին, համագործակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Մարդկային համապարփակ Զարգացումի Վատիկանեան Բաժանմունքին։

Սոյն հաւաքը արարչութեան պահպանումին հայող իր տեսակին մէջ երրորդն է որ կը կազմակերպուի Երիտասարդներու Համաշխարհային օրերու ծիրէն ներս։ Առաջինը արդարեւ տեղի ունեցած էր Ռիօ Տէ Ժանթէյրոի մէջ, ապա Քրաքովիա հուսկ այժմ Փանամա, ի տես յառաջիկայ օրերուն Փանամայի մէջ կայանալիք երիտասարդութեան 34-րդ  համաշխարհային օրերուն, որուն ինչպէս յայտնի է մածուցկութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ Հռոմէն պիտի մեկնի 23 Յունուարին ու վերադարձ պիտի կատարէ 28 Յունուարին։ Հաւաքին, ըստ կազմակերպիչներու տուեալներուն, մինչեւ օրս արձանագրուած են աշխարհի զանազան երկիրներէն 100 հազարէ աւելի երիտասարդներ։

«Երիտասարդներ եւ հասարակաց Տունը.  բնապահպանական դարձը գործողութեան մէջ» խորհրդաժողովի աւարտին նախատեսուած է նաեւ ստեղծագործութեան  հայող երիտասարդներուն հռչակագիրի մը հրապարակումը։

Հանդիպման ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին է նաեւ վերոնշեալ Վատիկանան Բաժանմունքի կառավարիչը Կարդինալ  Փիթըր Ափիա Թուրքսոնը։ Նշենք թէ ԵՀՕ նախօրեակին, Փանամայի «ԴԱՒԻԹ» թեմի Սոլոյ քաղաքին մէջ այսօր սկիզբ կ՛առնէ բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներու առաջին համաշխարհային հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բներն բնիկ ժողովուրդներու պատկան 1000 երիտասարդներ եւ որուն աւարտին անոնք պիտի մասնակցին նաեւ ԵՀՕ։ Բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներու առաջին համաշխարհային հաւաքի ընթացքին լայն տեղ պիտի գրաւէ բնապահպանութեան եւ ստեղծագործութեան շահագործումի հարցը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2019, 14:01