Փանամայի մէջ հաւաքուած երիտասարդներու լուսանկար Փանամայի մէջ հաւաքուած երիտասարդներու լուսանկար 

Երիտասարդներուն միասնական յայտարարութիւնը՝ հասարակաց տան խնամքի ի խնդիր:

Յայտարարութեան մէջ երիտասարդները քաղաքական իշխանութիւններէն խնդրած են շտապ կերպով դիմագրաւել բնապահպանութեան մարտահրաւէրները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երիտասարդներու համաշխարահային հաւաքի ծիրէն ներս, վերջ գտաւ երիտասարդներուն Փանամային մէջ գումարուած , «բնապահպանութեան դարձը ի գործ դրուած» խորագիրով համագումարը:

Համագումարի աւարտին, երիտասարդները հանդէս եկած են միասնական յայտարարութեամբ , որուն մէջ, հինգ առաջարկներ կատարած են քաղաքական իշխանութիւններուն, իրաւասու իշխանութիւններուն՝ բնապահպանութեան խնամքի ի խնդիր:

Յայտարարութեան մէջ երիտասարդները քաղաքական իշխանութիւններէն խնդրած են շտապ կերպով դիմագրաւել բնապահպանութեան մարտահրաւէրները, որոնց շարքին հանածոյ նիւթերու օգտագործման դադրեցումը՝ սահմանափակելու համար երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացումը: Անոնք ապա խնդրած են ի գործ դնել Global Compact համաձայնութիւնը, դիմակայելու համար կենսոլորտի պատճառած գաղթականներուն մարտահրաւէրները:

Բնապահպանութեան ծիրէն ներս Երիտասարդներուն կողմէ ներկայացուած այլ խնդրանքներէն մին եղած է նաեւ, մինչեւ 2030 թուական, համընդհանուր եւ արդար խմելիք ջուրի մատակարարումը , ինչպէս նախատեսուած է ՄԱԿ-ի, 2030 թուականի օրակարգի մաս կազմող , աջակցուած զարգացման, վեցերորդ նպատակին մէջ:

Երիտասարդները հուսկ խնդրած են արագացնել «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի գործադրումը , քաջալերելով բնապահպանութեան դարձը՝ դաստիարակչական եւ կազմաւորման յատուկ ծրագիրներով միեւնոյն ժամանակ մշակելով հաւատքի բնապահպանութեան ծաւալը :

Միասնական յայտարարութեան մէջ երիտասարդները հրաւէր ուղղած են կեանքի ապրելակերպի դարձի գալու՝ պարզութեան եւ զօրակցութեան տեսլականով եւ եկեղեցիներու մէջ մինչեւ 2030 թուական 100 տոկոսով օգտագործել վերականգնուած ուժանիւթ:

Ի Վերջոյ երիտասարդները եպիսկոպոսներէ խնդրած են , որ հասարակաց տան խնամքի ծիրէն ներս աջակցին երիտասարդներուն, յատուկէն նպաստելով երկրագունդի այն թոքի պաշտպանութեան, որ է արամազնեան անտարներն ու անոնց մէջ բնակող բնիկ ժողովուրդները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2019, 09:54