Քուպացի հաւատացեալներ Քուպացի հաւատացեալներ 

Քասթրոյի յեղափոխութենէն ետք Քուպայի մէջ բացուած Է կաթողիկէ նորակառոյց առաջին եկեղեցին:

Երկու հարիւր մարդ տեղաւորող եկեղեցւոյ շինարարութիւնը սկսած էր 2014-ին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քուպայի մէջ բացուած Է 60 տարի առաջ տեղի ունեցած յեղափոխութենէն ի վեր առաջին նորակառոյց եկեղեցին

1959-ի յեղափոխութենէն ի վեր Քուպայի Սանտինօ քաղաքին մէջ բացումը կատարուած է առաջին կաթողիկէ նորակառոյց եկեղեցւոյ մը նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտին։

«Յոյս ունէինք որ այս մէկը օր մը կ՛իրականանար։ Անիկա համբերութեան ծնունդ է», ըսած է Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Չիլիլօ Քասթրօ այս մէկը նկատելով Քուպայի կառավարութեան տասնեակ տարիներէ ետք բացուածքի քայլ մը։

Երկու հարիւր մարդ տեղաւորող եկեղեցւոյ շինարարութիւնը սկսած էր 2014-ին: Շինարարութիւնը կարելի եղած է Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Թամփա քաղաքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու օժանդակութեան շնորհիւ, որոնք շուրջ 90 հազար տոլար հանգանակած են եւ ուղարկած են Քուպա։

Յայտնենք թէ, 1959-ին Ֆիտել Քասթրոյի իշխանութեան գալէն ետք, կառավարութիւնը մեծ ճնշումներ բանեցուցած էր կրօնին նտակմամբ զայն նկատելով վտանգաւոր սպառնալիք մը աշխարհիկ Քուպային ստեղծումին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2019, 08:00