Որոնել

Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթ Քրիստոնեաներու միութեան շաբաթ 

Եկեղեցական Գիտելիքներ - Յայտնութեան շրջան - 14- 20 Յունուար 2019

Սովորութիւն է Եկեղեցւոյ մէջ` ամէն տարի յունուար 18-25 աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու միութեան համար

            Երկուշաբթի 14  Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ. Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15-ին, կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։

            Երեքշաբթի 15  Յունուարին` տօնն է Պետրոսի, Աղեքսանդրիոյ հայրապետին եւ իր օգնական` Աբիսողոմ Սարկաւագին։ Պետրոսը Աթանասի նախորդին նախորդն էր եւ հալածանքներու ընթացքին Աղեքսանդրիոյ հայրապետական աթոռին վրայ բարձրացաւ։ Ան ամէն ջանք թափեց պաշտպանելու համար իրեն յանձնուած հօտը հալածանքներու ժամանակ։ Պայքարեցաւ նաեւ Մելիտոսի դէմ որ նոր աղանդի մը դուռը կը բանար Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ յետագային` Արիոսի դէմ։ Անգամ մը աքսորուեցաւ, Մելիտոսի պատճառաւ, ապա ետ դարձաւ իր թեմը որ անտէր մնացած էր կայսերական հալածանքներու պատճառաւ։

            Երբ Մաքսիմիանոս հազարապետը Աղեքսանդրիա եկաւ, Պետրոս արդէն բանտարկուած էր, քրիստոնէութեան պատճառաւ. Հռովմայեցի զինուորականը ուզեց զինք բանտէն հանել եւ գլխատել տալ, սակայն բոլոր ժողովուրդը պատնէշի նման կայնեցաւ բանտին առջեւ եւ չթողուց որ սուրբը դուրս հանուի։ Այն ատեն, հայրապետը ինք ուղարկեց իր հաւատարիմ սարկաւագը` Աբիսողոմ, որպէսզի խորհուրդ տար Մաքսիմիանոսի գիշերով գալ բանտը եւ պատը ծակելով` զինք դուրս հանել եւ տանիլ նահատակութեան վայրը. Ինչ որ կատարեց հազարապետը եւ սուրբը իր արիւնի հեղումովը ընդունեցաւ նահատակութեան պսակը 311-ին։ Աբիսողոմ եւս իր կարգին խոստովանական մահով կնքեց իր կեանքը։    

            Հինգշաբթի 17 Յունուարին  Տօնն է Սուրբ Անտոն անապատականի. Կրնանք սեպել զինք Եկեղեցւոյ վանականներու նահապետը եւ ճգնաւորներու հայրը։ Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա քաղաքը, 251 թուին. Իր ծնողաց մահուընէ ետք` բոլոր ունեցածները աղքատներուն կը բաժնէ եւ Թեպայի շրջանի անապատը կը քաշուի ճգնելու համար։ Երբ կը տեսնէ թէ բազմաթիւ աշակերտներ իրեն կը հետեւին եւ անապատ կը քաշուին, 305 թուին կը հիմնէ առաջին վանքը միայնակեաց կրօնաւորներու. Իր հռչակը հետզհետէ ընդարձակուելով` բազմաթիւ վանքեր կը հաստատէ, այրերու թէ կիներու, անոնց համար օրէնքներ սահմանելով (Անտոնեան կրօնաւորներու օրէնքները). կը պայքարի նաեւ արիոսեան աղանդին դէմ. Կը վախճանի 356 թուին, 105 տարեկանին, ։ Իր կեանքի եւ գործերուն մասին գրած է Ս. Աթանաս մեծ հայրապետը։

            Միութեան համար աղօթքներու շաբաթ։ Սովորութիւն է Եկեղեցւոյ մէջ` ամէն տարի յունուար 18-25 աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու միութեան համար։ Ընդհանրապէս բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները կը հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ` իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցանելու, ցոյց տալով այսպէսով Տիեզերական Եկեղեցւոյ հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, միութեան մէջ։

            Շաբաթ 19  Յունուարին ` կը տօնենք Մեծն Թէոդոս կայսրը, որ տիրեց Բիւզանդական աշխարհի վրայ 379-395 թուականը. Իր ժամանակ է որ կայսրութեան պետական կրօն հռչակուեցաւ քրիստոնէութիւնը – մօտ 80 տարի վերջ Հայաստանէն։

            Կը տօնենք նաեւ Եփեսոսի 7 երիտասարդ ննջողներու տօնը, որոնք 250 թուին` փախչելով հալածանքներէն, ապաւինեցան քարայրի մը մէջ, ուր իրենց վրայ քուն մը եկաւ որ տեւեց 100 տարիէն աւելի. Արթնցան Մեծն Թէոդոսի օրով եւ տեսնելով որ կայսրութիւնը ամբողջ քրիստոնեայ դարձած էր, մեծապէս մխիթարուեցան ու մի քանի օր ապրելէ ետք` մահացան Եփեսոսի մէջ։

Կիրակի օրը՝ 20 Յունուար 2019- Յայտնութեան Բ. Կիրակին է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2019, 09:47