Որոնել

Որպէսզի ամէնքը մի ըլլան Որպէսզի ամէնքը մի ըլլան 

Հանդիպում Հարցազրոյց Հայր Հրանդ Թահանեանի հետ։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ եկեղեցական բաժանմունքի տեսուչը այցելեց Ռատիօ Վատիկանը։

Ամէն տարի 18-25 Յունուար՝ քրիստոնեայ աշխարհը իր աղօթքները կը բարձրացնէ առ Աստուած հայցելու քրիստոնեաներու միութիւնը։

Սոյն միութեան սատարելու նպատակով Ժընեւ քաղաքի մօտակայքը գոյութիւն ունի կեդրոն մը «Պոզէի համամիութենական կեդրոնը» ուր ամէն տարի դասընթացքներ կը կազմակերպուին որոնց նպատակն է ամրապնդել  համամիութենական հոգին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն քրիստոնեայ զանազան յարանուանութիւններու կղերականներ ու հաւատացեալներ։

Դասընթացքի ծիրէն ներս ամէն տարի կը նախատեսուի նաեւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Հռոմ, ուր կը կազմակերպուին նաեւ հանդիպումներ Հռոմի Եկեղեցւոյ ու Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու հետ, ներառեալ Ռատիօ Վատիկանը։

Այս տարուայ դասընթացքներուն իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ եկեղեցական բաժանմունքի տեսուչ՝ Հայր Հրանդ Թահանեանը որուն հետ Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժինը առիթը ունեցաւ հանդիպիլ ու զրուցել անոր կեանքի փորձառութեան մասին ու յատկապէս եկեղեցւոյ միութեան ու համամիութենական գործընթացքի մասին։

Ունկնդրէ հարցազրոյցը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/01/2019, 08:52