Ի՞նչն է Քրիստոսի կերակուրը  (Յովհաննէս Դ. 24-42) Ի՞նչն է Քրիստոսի կերակուրը (Յովհաննէս Դ. 24-42) 

Կիրակի 27 Յունուար 2019 - Երրորդ կիրակի յետ Յայտնութեան

Ի՞նչն է Քրիստոսի կերակուրը (Յովհաննէս Դ. 24-42)

Սամարացի կինը` Յակոբի ջրհորին մօտ կեցած, նեղի կը դնէ Յիսուսը, ակնարկելով իրենց ցեղային տարբերութեանը – Հրէաներն ու Սամարացիները իրար զիրար կ՛ատէին եւ իբրեւ թշնամի կը վարուէին իրարու հանդէպ -։ Միեւնոյն ատեն ալ կ՛ուզէ փորձութեան ենթարկել այս համարձակ հրէան որ իրմէ ջուր կը խնդրէ. Թերեւս նոր ամուսին մը կարենայ ձեռք ձգել։ Սակայն Յիսուս կը ճանչնայ անոր սիրտը եւ գիտէ թէ արդէն հինգ հոգւոյ հետ ամուսնացած է, մէկը ձգելով` միւսն առնելով։

Կինը, որուն Յիսուս կը յայտնէ իր կեանքի մանրամասնութիւնները համոզուած է որ դիմացը մարգարէ մը կայ. Կ՛երթայ բոլոր գիւղին աւետելու թէ իրենց ջրհորին մօտ մեծ անձնաւորութիւն մը եկած է, մարգարէ մը կը թուի ըլլալ, թերեւս ան է սպասուած Մեսիան։  Մինչ այդ առաքեալները որոնք գիւղէն կը վերադառնան իրենց հետ հաց եւ ուտելիքներ բերելով, նոր անակնկալի մը առջեւ կը գտնուին. Յիսուս այլեւս անօթի չէ եւ չ՛ուզեր նստիլ իրենց հետ, հաց ուտելու համար։ Անոնք զարմանքէ զարմանք կ՛երթան. Չեն գիտեր թէ երբ Յիսուս նիւթական բաներու շուրջ կը խօսի եւ երբ հոգեւորի մասին։ Լաւ գիտեն թէ իրենց պէս ինքն ալ անօթի է, եւ ահա կ՛ըսէ իրենց թէ ինք կերակուր մը ունի զոր իրենք չեն ճանչնար. Նիւթական ուտելիքէն զատ ի՞նչ կերակուր կրնայ ըլլալ։

Իմ կերակուրս Աստուծոյ կամքը կատարելն է կը յայտնէ իրենց Յիսուս։ Ալ աւելի զարմանք առաքեալներու կողմէ. Ի՞նչ ըրաւ արդեօք Տէրը իրենց բացակայութեան միջոցին։ Աստուծոյ խօսքը զոր Յիսուս ուղղեց Սամարացի կնոջ` հոգեւոր կերակուր եղաւ անոր համար. Ան ծառայեց նախ այդ կինը դարձի բերելու եւ, անոր միջոցաւ, ամբողջ գիւղը։ Այսպէսով Յիսուս կատարեց Աստուծոյ կամքը, արքայութեան բարի լուրը տարածելով Սամարացիներու միջեւ. Իր առաքելութիւնը կատարեց եւ այլեւս լիուլի յագեցած է, պէտք չունի մարմնաւոր կերակուրի։ Հոգեւոր կերակուրը կը յագեցնէ զայն տուողն ու զայն առնողը. Այս առաքելութիւնը Սամարացիներու մօտ շատ աւելի էական ու անհրաժեշտ էր քան նիւթական կերակուրը։ Կարո՞ղ ենք երբեմն հրաժարիլ ճաշէ մը, երբ աւելի կարեւոր առաքելութիւն մը կայ կատարելիք։

Առաքեալները տակաւին զարմացած իրեն կը նայէին երբ Յիսուս հրաւիրեց զիրենք ըսելով. Բարձրացուցէք ձեր աչքերը եւ տեսէք թէ ինչպէս արտը պատրաստ է հունձքի։ Փոխաբերական պատկեր մըն է անշուշտ ըսելու համար թէ Սամարացիներու այդ գիւղին բոլոր բնակիչները ահա ճամբայ ելած են ու կը յառաջանան դէպի իրենց, լսելու համար Աստուծոյ թանկագին խօսքը։

Անոնք ահա, լքած իրենց առօրեայ աշխատանքները, կ՛աճապարեն Յիսուսի ոտքը գալու եւ իր խօսքերը լսելու. Այս իրենց աճապարանքը կը յայտնէ թէ որքան ծարաւի են իրենց հոգիները հոգեւոր սնունդի։ Ահա իրենք այլեւս հասուն են, նման ցորենի ատոք հասկերուն, Տիրոջ պատգամը ընդունելու համար։ Աշակերտները կը գտնուին առաքելական հրաշքի մը առջեւ. Պէտք չի կայ հոս որ իրենք երթան մարդոց մօտ, աւետարանելու Քրիստոսի պատգամը. Մարդիկը իրենք է որ կը վազեն կու գան իրենց ոտքը, ընդունելու համար հոգւոյ կերակուրը։

Սիրելի հաւատացեալներ, արդեօ՞ք մենք եւս ծարաւի չենք այսօր Աստուծոյ խօսքին. Ուրեմն ի՞նչ բանի կը սպասենք, ելլենք երթանք Յիսուսի մօտ, մէկդի ձգելով մեր առօրեայ զբաղումները, ուտելիքի կամ հագուելիքի մտահոգութիւնները. Հոս` եկեղեցւոյ մէջ, կայ աւելի կարեւոր մէկը որ կը սպասէ ձեզի, տալու համար հոգւոյ սնունդը. Ամէն։

                                                                                     Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2019, 13:38